2015-04-04 11:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական նամակը Քենիայի զոհերուն։


Քենիայի Կարիսսա համալսարանի դէմ գործադրուած  ահաբեկչական արարքներուն  ի տես, որոնք պատճառեցին` 147 մեռեալներ եւ անթիւ վիրաւորներ,  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը,  ուրբաթ, 3 ապրիլին, ցաւակցական նամակ ուղղեց Քենիայի հանրապետութեան նախագահին եւ Եպիսկոպոսց համահաւաք դասին։

Նամակին մէջ նորին Սրբութիւնը, սոյն արարքները որակեց  ''անմարդկային եւ անզգամ բարբարոսական գործունէութիւն'' յայտնելով իր խորին ցաւակցութիւնները զոհերու ընտանիքներուն, իր աղօթքը ապահովելով նաեւ ահաբեկիչներու սրտի դարձի գալուն համար։

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւն կրող նամակին մէջ  Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրած է   միջազգային ընտանիքը  կրկնապատկելու իրենց ջանքերը, վերջ դնելու համար բռնութիւններուն եւ արագացնելու եղբայրակցութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան  նոր ժամանակաշրջան մը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.