2015-04-04 09:21:00

Հակառակ պատերազմին Սուրիոյ Եկեղեցիները լի են հաւատացեալներով։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրիոյ քրիստոնեաները դժուար օրեր կ’ապրին Իտլիպի անկումէն ետք, զանազան վայրերու քրիստոնեաները սարսափի  ու վախի մէջ կը գտնուին։ Սակայն հակառակ զարհուրանքի ու վախի, եկեղեցիները` Աւագ Շաբաթուան առթիւ­, կը վխտան հաւատացեալներով'' կը հաղորդէ գերապայծառ Ժորժ Ապու Խազէն`  Հալէպի լատիններու թեմին առաքելական Փոխանորդը , մատնանշելով որ յուզիչ էր տեսնել Ծաղկազարդի Կիրակիի ընթացքին, հաւատացեալներու ջերմ մասնակցութիւնը սուրբ արարողութիւններուն, իրենց մանուկներուն հետ միասին։

''Իրապէս հաւատքը աւելի հզօր է քան վախը։ Անոնց  վկայութիւնը մեզի` հովիւներուս համար­, եղաւ աղբիւր քաջալերանքի։ Շնորհիւ անոնց հաւատքին ու աղօթքին` Յարուցեալ Տէրը պիտի փրկէ մեզ'' յայտնեց Առաքելական Փոխանորդը, որուն  վկայութեամբ Հալէպի մէջ տիրող վախի ու դժուարութիւններուն ենթակայ են ոչ միայն քրիստոնեաները այլեւ մահմետականները։

''Շնորհիւ Քարիթասի օգնութիւններուն, երաշխաւորուած բոլորին` անխտիր, գորովալիր վկայութիւններ կ՛ընդունինք մահմետականներէն։ Ասիկա համակեցութեան մեծ փաստ մըն է։ Ամէնքը կը վախնան իսլամական պետութեան ռազմիկներու խուժումէն, սակայն քրիստոնեաները կ’ապրին Ճանապարհ Խաչը` Յարութեան յոյսով'' հաստատեց գերապայծառ Ապու Խազէն որ հաւատացեալներուն ուղղած հովուական թուղթին մէջ ընդգծած է որ Յարուցեալ Քրիստոսը քէն չպահեց, այլ իր աշակերտները ուղարկեց քարոզելու բարի լուրը, սէրն ու ներումը։ Հաւատացեալները դրականօրէն ընկալեցին պատգամը, մեր աղօթքն է որ Տէրը գործածէ մեզ որպէս նշան եւ խաղաղութեան վկայութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.