2015-04-04 10:00:00

Դրամահաւաք Ս. Երկրի բնակչութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Ամէն տարի Աւագ Ուրբաթ օրուան առթիւ աշխարհի բոլոր ժողովրդապետութիւններու մէջ տեղի կ’ունենայ դրամահաւաք ի նպաստ ս. Երկրի հասարակութիւններուն.  Բարեպատեհ առիթ մը գօտեպնդելու կապը աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներու միջեւ։

Քրիստոնեաները այդ հողին վրայ  կ’ապրին խաչի խորհուրդը, աղօթելով խաղաղութեան, արդարութեան ու հաշտութեան համար, ըսաւ հայր Տավիտ Նիւհաոս` տեղապահը Երուսաղէմի լատին պատրիարքութեան։ Անոնք չեն ուզեր տանջուիլ սակայն տանջանքը անբաժան մէկ մասը դարձած է իրենց կեանքին։ Ս. Երկրի քրիստոնեաները մեծապէս երախտապարտ են ընդհանրական  Եկեղեցւոյ այս օգնութեան համար, առանց որու մենք` Ս. Երկրի քրիստոնեաներս, պիտի չկարողանայինք դիմագրաւել դժուարութիւնները։

Յայտնենք որ վերոյիշեալ  դրամահաւաքէն կ’օգտուին նաեւ մահմետականներն ու հրեաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.