2015-04-04 08:51:00

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը։


Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ կիրակի վաղ առաւօտ, Մարիամ Մագդաղենացին եւ խումբ մը բարեպաշտ կիներ իրենց հետ խունկ առնելով Քրիստոսի գերեզմանը գացին. գերեզմանին մուտքը փակող հսկայ քարը գլորուած գտնելով` ներս մտան, բայց Յիսուսի մարմինը հոն չգտան: Մինչ զարմացած կը դիտէին պարապ գերեզմանը, երկու հրեշտակներ կը մօտենան անոնց ու կ՛ըսեն` ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք, հոս չէ՛ ան, յարութի՜ւն առաւ… (Ղուկ. 24. 1-6):

Աստուծոյ հրեշտակները աւետած էին Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ: Դարձեալ Աստուծոյ հրեշտակները կ՛աւետեն այս անգամ խաչուած ու թաղուած Աստուծոյ Որդւոյն յարութիւնը:

Աստուծոյ Որդին առաքելութեան մը համար աշխարհ եկած էր: Ան մեղքի տիրապետութեան տակ ճմլուած ու մահուան երկիւղին մէջ ապրող մարդուն փրկիչը դառնալու յանձնառութեամբ մարդեղացած էր: Այսպէս աւետուած էր իր ծնունդը հրեշտակներուն կողմէ` «այսօր, ձեր փրկիչը ծնաւ…» (Ղուկ. 2.11):

Աստուծմէ` իր Արարիչէն հեռացած մարդը դէպի Աստուած առաջնորդելու տեսլականով Քրիստոս քարոզեց ու հրաշագործեց:

Իր աստուածատուր շնորհները ապականած եւ աստուածային պատկերը եղծած մարդուն մէջ վաւերական մարդը վերականգնելու նպատակով Քրիստոս նոյնի՛սկ խաչ բարձրացաւ:

Եւ ահա մարդուն համար ու մարդուն կողմէ գերեզման իջած Քրիստոս յարութի՜ւն կ՛առնէր համայն մարդկութեան պատգամելով, թէ`

Աշխարհին ճշմարիտ լոյսը, յոյսը եւ ճամբան դառնալու կոչուած Քրիստոսը կարելի չէ դէպի մահ առաջնորդել:

Աշխարհին միակ ճշմարտութիւնը դառնալու կոչուած Քրիստոսը կարելի չէ դամբարանին մէջ փակել:

Աշխարհի յաւիտենական կեանքը դառնալու կոչուած Քրիստոսը կարելի չէ գերեզմանել:

Քրիստոսի թափուր գերեզմանէն եկող պատգամը զօրեղ կերպով հնչեց պատմութեան ընթացքին, ամէն անգամ երբ մարդիկ փորձեցին գերեզմանել ճառագայթող լոյսը, փայլատակող ճշմարտութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը:

Պատմութիւնը կը կերտուի սրբազան արժէքներով եւ գերագոյն ճշմարտութիւններով ու կենսագործման համար թափուած արիւնո՛վ:

Ազգ մը պատմութեան թատերաբեմին վրայ կը մնայ իր ստեղծագործ ոգիով, անխորտակ հաւատքով ու վեհ իտէալներուն յաւերժացման համար «իմացեալ մահ»-ը ընտրելու իր քաջութեամբ:

Մահով մա՛հը յաղթելու եւ գերեզմանը յարութեան ու կեանքի աղբիւրի վերածելու հաւատքի քաջութիւնը կոչուած է ունենալ` զՔրիստոս իր փրկիչը դաւանող անձը կամ ժողովուրդը:

Ա՛յս է Քրիստոսի թափուր գերեզմանին պատգամը եւ միաժամանակ հրաւէրը` դարերէն եկող ու դարերո՜ւն գացող:

 

Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան խորհուրդով ու պատգամով լեցուն այս առաւօտ, հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, հրեշտակներուն բառերով կ՛ըսենք. «Ինչո՞ւ ողջը` հայ ժողովուրդը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք. հոս չէ, յարութի՜ւն առաւ…»:

 

Քրիստոսի յարութեան հաւատքով յարութիւն առած հայ ժողովուրդը այս պատգամը կու տայ`

 

Բոլոր անոնց, որոնք 100 տարիներ առաջ մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափելով` կարծեցին գերեզմանել հայ ժողովուրդը:

 

Բոլոր անոնց, որոնք հայ ժողովուրդը արմատախիլ ընելով իր դարաւոր հողերէն` կարծեցին հայ ժողովուրդի մարդկային իրաւունքները մոռացութեան դատապարտել:

 

Բոլոր անոնց, որոնք հայ ժողովուրդը ջարդելով, տեղահան ընելով ու սփիւռքի վերածելով` կարծեցին Հայաստանը ջնջել աշխարհի քարտէսէն:

 

Բոլոր անոնց, որոնք անտեսելով հայ ժողովուրդին արդար դատը` կարծեցին ջլատել անոր պահանջատիրական կամքը:

 

Բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական լայն միջոցներով ու աշխարհաքաղաքական առաւելութիւններով` կարծեցին հեռո՜ւ պահել հայ ժողովուրդի արդար դատը միջազգային շրջանակներէ:

 

Քրիստոսի յարութեամբ զօրացած կ՛ըսենք ու մի՛շտ պիտի ըսենք`

 

Հայ ժողովուրդը յարութի՛ւն առած է իր ազատ ու անկախ հայրենիքով:

 

Հայ ժողովուրդը յարութի՛ւն առած է իր կազմակերպ ու հզօր սփիւռքով:

 

Հայ ժողովուրդը յարութի՛ւն առած է իր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման իր մարտունակ ոգիով:

 

Հայ ժողովուրդը յարութի՛ւն առած է իր ամուր միասնականութեամբ:

 

Հայ ժողովուրդը յարութի՛ւն առած է ազգերու ընտանիքին մէջ իր գործօն ներկայութեամբ:

 

Թող Աշխարհը իմանայ, թէ`

 

100 տարիներ առաջ մահուան հովիտէն քալած հայ ժողովուրդը այսօր կը քալէ կեանքի՛ ճանապարհէն:

 

100 տարիներ առաջ ջարդուած ու որբացած հայ ժողովուրդը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ յարուցեա՛լ ժողովուրդ:

 

100 տարիներ առաջ անարդարութեան զոհ գացած հայ ժողովուրդը այսօր արդարութի՛ւն կը պահանջէ:

 

Հայ ժողովուրդը կը հաւատայ Քրիստոսի թափուր գերեզմանի պատգամին, թէ`

 

Կարելի Չէ Ճշմարտութիւնը Գերեզմանել…

*

Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ նորին վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը` մաղթելով արդիւնաշատ գործունէութիւն` ի սպաս մեր սիրելի հայրենիքին ու հայրենի ժողովուրդին:

Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: Կ՛ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը` իրենց մաղթելով երկար գահակալութիւն եւ եկեղեցաշէն ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ:

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը: Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ Յարուցեալ Փրկիչին յաղթանակով զօրացած իրենց կեանքը ապրին մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակները:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Սուրբ Զատիկ

5 ապրիլ, 2015

Անթիլիաս, Լիբանան








All the contents on this site are copyrighted ©.