2015-04-02 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութիւնը եւ ՅՊԲ-ի մահուան 10-րդ տարելիցը։


Հինգշաբթի 2 Ապրիլ 2015-ին` Աւագ Հինգշաբթի է։ Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան ժամը 9.30ին Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Իւղերու օրհնութիւնը։

Իսկ յետմիջօրէին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի Ռէպպպիա բանտը ու անոր մօտ գտնուող ''Փատրէ Նոսթրօ – Հայր Մեր'' անուամբ եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ աւագ հինգշաբթի օրուայ ոտնլուայի արարողութիւնը, որուն ընթացքին կը լուայ Ռէպիպիա բանտին մէջ գտնուող 12 բանտարկեալներու ոտքերը, յիշատակելով Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներու նախօրեակին վերջին ընթրիքը։ 

Արժանէ է յիշել, թէ ճիշդ 10 տարի առաջ, 2 ապրիլ 2005ին, յաւէրժապէս խփեց իր աչքերը եւ հոգին աւանդեց առ Հայր, մինչ՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ խուռներամ բազմութիւն մը աղօթքի մէջ ամփոփուած Անոր կու տար վերջին ողջոյնը։

Ան իր քահանայապետութեան առաջին բառը սկսած էր ''Մի վախնաք'' խօսքերով, եւ առանց վախի ինք եւս քաջօրէն կառավարեց Եկեղեցին զայն առաջնորդելով դէպի երրորդ հազարամեայ։ 

Այսօր՝ կը յիշատակենք Անոր մահուան 10-րդ տարելիցը։ Սրբազան սուրբ հօրմէն խնդրելով որ բարեխօս կանգնի մեզի եւ մեր միլիոնաւոր նահատակներուն որոնց մահուան 100-րդ ամեակը պիտի ոգեկոչենք յառաջիկայ օրերուն, Անոր յաջորդ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ, սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.