2015-04-02 11:58:00

Քանատայի եկեղեցւոյ սատարը սուրիացի քաղաքացիներուն պաշտպանութեան ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորս տարի անցաւ Սուրիոյ զինեալ ընդհարումին։ Անոր հետեւանքով աւելի քան 220 հազար հոգիներ մահացան եւ 7 միլիոն անհատներ երկրէն գաղթեցին։ Ի տես այս ողբալի կացութեան, Քանատայի  եկեղեցւոյ ''բարգաւաճում ու խաղաղութիւն'' կաթողիկէ յանձնախումբը  կոչ ուղղեց Գանատայի պետութեան որ իր կարելին ընէ պաշտպանելու ու փրկելու քաղաքացիները։ Միաժամանակ կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան իր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու զինեալ դադրեցնելով ընդհարումը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.