2015-04-02 11:54:00

Պոլսոյ մէջ զինեալ միջադէպեր


«Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է զինեալ մը, որ ներխուժած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ Քարթալ շրջանին մէջ գտնուող կեդրոնատեղին:

Զինեալը շէնք ներխուժելէ ետք բոլոր ներկաներուն հրամայած է հեռանալ 7 յարկանի շէնքէն եւ բարձրացած 7-րդ յարկը, ուր փշրած է շարք մը պատուհաններ եւ կախած թրքական դրօշ մը, որուն վրայ սուրի պատկեր կար: Ապա շէնքին շուրջ հաւաքուած ամբոխին ճառեր արտասանած է, սակայն անոր ձայնը անլսելի եղած է:

Ապահովական ուժեր մուտք գործած են շէնք եւ ձերբակալած զինք:

Դէպքը տեղի ունեցած է, մինչ դատաւորներ եւ փաստաբաններ հաւաքուած էին քաղաքի եւրոպական կողմը գտնուող դատարան մը` մասնակցելու համար դատախազ Մեհմեթ Սելիմ Քիրազի յուղարկաւորութեան. վերջինս մէկ օր առաջ պատանդ բռնուած էր ծայրայեղ ձախակողմեան Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատի անդամ երեք զինեալներու կողմէ, որոնք եւս սպաննուած էին ոստիկանութեան շղթայազերծած գործողութեան ընթացքին:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը հաղորդեց, որ երէկ Պոլսոյ համալսարանին շէնքին մօտ տեղի ունեցած է բողոքի հաւաք մը, որուն մասնակիցները բողոքած են դատախազը պատանդ բռնած զինեալները ձերբակալելու փոխարէն զիրենք սպաննելու դէմ: Հակառակ ոստիկանութեան զգուշացումներուն, ցուցարարները չեն ցրուած, որմէ ետք ոստիկանութիւնը ուժ կիրարկած է եւ բողոքի մասնակիցներէն 21-ը ձերբակալած:

Միւս կողմէ, թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 32 մարդ, որոնք կը կարծուին դատախազին դէմ կատարուած գործողութեան մեղսակից ըլլալ:

Աւելի ուշ, Պոլսոյ ոստիկանութեան ղեկավարութեան կեդրոնատեղիին առջեւ տեղի ունեցաւ զինեալ բախում մը, որուն ընթացքին, ըստ նախնական տեղեկութեանց, սպաննուած են 2 զինեալներ, իսկ երկու ոստիկաններ` վիրաւորուած:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.