2015-04-02 13:11:00

Կիպրոսի Խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք։


Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ միաձայն ընդունուած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Այս մասին «Արմէնփրես»-­ին տեղեկացուցած են Կիպրոսի հայ պատգամաւոր Վարդգէս Մահտեսեանի գրասենեակէն: Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է Ապրիլ 2-­ին` քիչ առաջ:

Կիպրոսի մէջ ցեղասպանութիւնը ժխտողները կը պատժուին հինգ տարուան ազատազրկմամբ եւ կը վճարեն տուգանք 10000 եուրոյի չափով: Կիպրոսը Եւրոպայի մէջ 4-­րդ պետութիւնն է Յունաստանէն, Սլովաքիայէն եւ Զուիցերիայէն ետք, որ կը քրէականացնէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը:

Այս օրերուն պաշտօնական այցով Կիպրոս կը գտնուին ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.