2015-04-01 13:44:00

Կարդինալ Ֆիլոնին եւ իրաքի փախստականներուն գողգոթան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ` Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիի իրաքի կատարած առաքելութիւնը կը շարունակուի։

Ժողովուրդներու աւետարանութեան կառավարիչը այցելելէ ետք Պաղտատն ու Էրպիլը այցելեց նաեւ իրաքի հիւսիսը գտնուող մի քանի գիւղեր, այնտեղ եւս տանելու Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնը  եւ շօշափելի օգնութիւնը, ժիհատիսդներու բռնութիւններէ եւ տարիներու պատերազմէ տառապած բնակչութեան։

Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Կարդինալ Ֆիլոնին յայտնեց թէ Իրաք կեցութեան ընթացքին առիթ ունեցաւ հանդիպելու ազգային ժողովի նախագահին ու այլ պատկան իշխանութիւններու հետ, որոնք ապահովեցուցած են իրենց հոգատարութիւնը հանդէպ քրիստոնեաներուն։

Կարդինալ Ֆիլոնին ապա քաղաքական գործիչներուն հրաւէր ուղղած է որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ողորմութեան տարուայ հռչակումին առթիւ, իսլամ եղբայրները եւս ապրին գթութիւնը, որպէսզի քրիստոնեաներուն հետ միասին կարենան կերտել եղբայրութիւնը, վերահաստատելով հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը։

 

Կարդինալ Ֆիլոնին ապա յայտնեց որ գաղթականները վկայած են թէ բարեսիրական օժանդակութիւնները հասած են յատկապէս կաթողիկէ եկեղեցիէն` ըլլայ քրիստոնեաներուն ըլլայ ոչ քրիստոնեաներուն ի նպաստ։  Կարդինալը ապա բացայայտած է գաղթականներու մտավախութիւնը իրենց ապագայի ճակատագրի մասին։ Ան ապա որպէս պատգամ` վերյիշած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ծաղկազարդի օրուան առթիւ արտասանած  խօսքերը` իրաքի եղբայրներուն աղօթքի միութեամբ ապրելու Սուրբ Զատկուայ տօնակատարութիւնը, ապա մատնանշած է Հռոմի Թեմին, իրաքի ընտանիքներուն ի նպաստ դրամահաւաքին եւ օգնութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.