2015-04-01 11:09:00

Լիբանանի Եկեղեցիներուն զանգերը պիտի հնչեն 23 ապրիլին։


Կաթողիկէ Պատրիարքարանի դիւանի հրատարակած մէկ հաղորդագրութւինը կը յայտնէ թէ.  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, ապրիլ 24-ի նախօրեակին՝ 23 ապրիլ 2015-ին, Լիբանանի ժամով երեկոյեան ժամը18:15-ին, Հայաստանի ժամով՝ 19:15-ին իբրեւ խորհրդանիշ 1915-ի Մեծ Եղեռնի համազգային ոգեկոչումին, մեր եկեղեցիներուն զանգերը պիտի հնչեցնեն 100 զանգ, որուն պիտի յաջորդէ «Տէրունական աղօթք»ի եւ «Սուրբ Սուրբ»ի կատարումը՝ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի բիւրաւորնահատակներուն:

Կը խնդրենք բոլոր եկեղեցականներէն, որ իրենց եկեղեցիներուն զանգը հնչեցնեն եւ աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած յանուն հայ եւ համայնքրիստոնեայ նահատակներուն:

Այն օրը, Պէյրութի մէջ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի եկեղեցւոյ զանգն ալ պիտի հնչէ եւ Պատրիարքարանի Ապրիլեան Նահատակացկոթողին շուրջ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը որպէս աղօթք պիտի երգէ «Հայր Մեր» եւ «Սուրբ Սուրբ»:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:








All the contents on this site are copyrighted ©.