2015-04-01 10:51:00

Իրաքեան ուժերը Թիքրիթը ամբողջական կերպով ազատագրեցին


Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի երէկ յայտարարեց, որ Թիքրիթ քաղաքը ամբողջական կերպով ազատագրուած է եւ իրաքեան դրօշը բարձրացուած է Սալահէտտին նահանգի նահանգապետարանի շէնքին վրայ:

Պատըր միլիսի բանբերը իր կարգին յայտնեց, որ Ժողովրդային զօրախմբումի ուժերը մասնակցած են յարձակումին, հակառակ անոր որ շիիական այդ ուժերուն մասնակից կարգ մը միլիսներ անցեալ շաբաթ իրենց դէմ կատարուած ամերիկեան օդային հարուածի մը իբրեւ պատասխան դադրեցուցած էին մարտերուն իրենց մասնակցութիւնը: Ան նշեց, որ կառավարական շէնքերը երկուշաբթի օրուընէ ի վեր կը գտնուէին իրենց վերահսկողութեան տակ:

«Մայատին» հաղորդեց, որ Հըզպալլայի անդամ մասնայատուկ ուժեր ներխուժած են Սալահէտտին նահանգին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնատեղին եւ ձերբակալած հաւատադրժողական խմբաւորման երկու բարձրաստիճան ղեկավարներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.