2015-03-31 11:17:00

Կարդինալ Ֆիլոնին Իրաքի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի` կը գտնուի իրաքի մէջ որպէս Ֆրանչիսկոս Պապի յատուկ պատգամաւոր, Իրաքի ընտանիքներուն եւ ժողովուրդին փոխանցելու Սրբազան Քահանայապետի մօտիկութեան արտայայտութիւնը, օրհնութիւնն ու շօշափելի օգնութիւնը։

Բազմաթիւ են ընտանիքները, յատկապէս քրիստոնեայ, որոնք ստիպուած եղան թողուլ ու հեռանալ իրենց պապենական հողերէն, ծայրայեղ մահմետականներու գործադրած բռնութիւններու պատճառաւ։ Այդ ընտանիքներէն շատերը ապաստան գտած են Իրաքեան Քիւրտիստանի ինքնավար մարզին մէջ, Քարիթասի եւ տեղական եկեղեցւոյ օգնութեամբ։

Յայտնենք թէ Կարդինալ Ֆիլոնին, 2014-ի օգոստոսին եւս այցելած էր Իրաքը, միշտ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, եւ այդ առթիւ այցելած էր նաեւ Յորդանանը հանդիպելով տեղական Քարիթասի բարեսիրական հաստատութեան պատասխանատուներուն հետ, մօտէն հետեւելով գաղթականներու հոգատարութեան բարեսիրական գնահատելի գործունէութեան։

Յայտնենք թէ այս օրերուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար` Պան Քի Մունը եւս կը գտնուի Իրաքի մէջ եւ թէ  Կարդինալ Ֆիլոնիին այս այցելութիւնը կը զուգադիպի Սուրբ Շաբթուայ սեմին,  որպէս յատուկ մօտիկութեան նշան, Իրաքի մէջ ապրող Քրիստոնեաներուն որոնք, իրենց բնակարաններէն զրկուած եւ հալածուած` Քրիստոսի հետ կը բաժնեկիցն անարդար բռնութիւններ, մասնակից դառնալով Անոր չարչարանքներուն։

Պաղտատի օգնական եպիսկոպոս եւ Քարիթասի նախագահ` գերապայծառ Վարտունի խօսելով Իրաքի քրիստոնեաներու իրավիճակի մասին յայտնեց թէ անոնք ամենէն առաջ ընտրած են Քրիստոսը ու ապա մեղադրեց ծայրայեղականները զանոնք որակելով որպէս ''ոչ իսլամներ''։ Գերապայծառ Վարտունի հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ցուցաբերած հոգատարութեան եւ մօտիկութեան ու ի տես Սուրբ Զատկուայ տօնին ըսաւ ''մենք մեծ վստահութիւն ունինք Տիրոջ վրայ։ Անորմէ կը հայցենք որ օգնէ մեզի որպէսզի կարենանք յառաջ ընթանալ։ Սուրբ Զատիկը ուրախութեան տօն է, հոգեւոր ուրախութիւն, այն ուրախութիւնը որ սրտերուն մէջ կը ներթափանցէ։ Մենք մեծ յոյս ունինք Տիրոջ վրայ եւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց վրայ – ըսաւ գերապայծառ Վարտունի շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որ օգնութեան կը հասնին իրաքցիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.