2015-03-31 09:13:00

Ծայրայեղ մահմետականներէն հալածուած քրիստոնեաները բնաջնջուելու վտանգի մէջ են:


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռի ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն դէտ` Գերապայծառ  Auza`  սրտաճմլիկ կոչ մը ուղղած է  ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդին`բացայայտելով թէ ''ծայրայեղ մահմետականներէն հալածուած Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները բնաջնջուելու վտանգի մէջ կը գտնուին ու շեշտելով հարկաւորութիւնը`որ միջազգային հասարակութիւնը  շտապ միջամտութիւն կատարէ նախ քան ամէն ինչի կորուստը։

''Ժամը տաժանագին է։ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու վերապրումը  2000 տարի ետք վտանգի մէջ է։ Նոյնպէս ցեղային ու կրօնական այլ փոքրամասնութիւններ նոյն ճակատագիրի ենթարկուած են, սակայն քրիստոնեաները, մասնաւորապէս, թիրախ են ու անոնց պարտադրուած է տեղահանումը իրենց տուներէն ու իրենց պապենական հողերէն'',  ըսած է Վատիկանի դիւանագէտը յիշեցնելով որ միմիայն 25 տարիներ առաջ, Իրաքի մէջ աւելի քան երկու միլիոն քրիստոնեաներ կ’ապրէին, այսօր անոնք կը հաշուեն միայն կէս միլիոն։

Միջազգային հասարակութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել անմեղները ցեղասպանութենէն։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յաճախ կը հրաւիրէ միջազգային հասարակութիւնը ստանձնելու իր պարտականութիւնը եւ դադրեցնել  տալու կանոնաւոր բռնութիւնները ցեղային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ։ Ամէն յապաղում, ըսած է Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը, կը նշանակէ աւելի բռնութիւն, աւելի սպանութիւն։

Իր միջամտութեան մէջ գերապայծառ  Auza յայտնած է նաեւ թէ. Ս. Աթոռը մեծապէս կը գնահատէ շրջանի բոլոր այն երկիրները որոնք անխոնջ կը գործեն օգնութեան հասնելու աւելի քան 2,5 միլիոն իրաքցի փախստականներուն եւ 12 միլիոն սուրիացիներուն։ Ան ապա հրաւէր ուղղած է աշխատիլ օգնութեան հասնիլ այդ երկիրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.