2015-03-31 09:34:00

Առնենք Յարութեան ճամբան


Քրիստոսի զոհաբերութիւնը Խաչին վրայ որուն մասին պիտի մտածենք եւ ապրինք այս Սուրբ Շաբթուայ ընթացքին մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ անվերջ ողորմութիւնը... Արդեօ՞ք այս շաբաթը պէտք չէ ըլլայ մեզի համար ներողամտութիւն մտածական ը: Արդեօ՞ք պէտք չէ ըլլայ Աստուածային ողորմութեան մարդկային թարգմանութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր առաջին «հրեշտակ տեառն»ի քարոզին մէջ կ'ըսէր. «Աստուած երբեք չի յոգնիր մեզի ներելու, այլ մենք ենք որ կը յոգնինք իրմէ ներողութիւն խնդրելու: Քրիստոսը այն հայրն է որ առատ սիրով մեզի կը ներէ եւ մեզի կը շնորհէ իր ողորմութիւնը:

Ծաղկազարդի թագաւորական մուտքը եւ չարչարանքի օրերը կը քօղազերծէ Քրիստոսի ուժը իր յարութեամբ: Այս ծաղկազարդի տեսարանը դիտելու ենք աշակերտներու պզտիկ արտայայտութիւններուն ընդմէջէն որոնք վստահ էին թէ իրենց տէրը իշխանութեան գլուխը պիտի անցնի: Բայց երբ Յիսուս կը մտնէ Երուսաղէմ երբեք չի մտածեր իշխանութիւնը ձեռք անցնելու:

Այս տեսարանը պատրանքներով լեցուն է: Յիսուսի չարչարանքները կը հերքեն այն կարծիքները որոնք կ'ըսէին թէ Յիսուս եկած էր մարդկային իշխանութիւնը առնելու...

Արդեօ՞ք մենք, որպէս 2015ի Քրիստոսի զաւակները, ինչ տեսարանի առջեւ պիտի գտնուինք: Այս անրարդարութեան եւ բռնութեան գագաթնակէտին առջեւ Աստուած լուռ կը մնայ որովհետեւ այս պահուն Խաչն է որ մեզի կը խօսի Քրիստոսի անունով: Աստուած լուռ չէ, իր լեզուն կը դառնայ խաչի լեզուն որ մեզի կը հաստատէ թէ աշխարհիս չարչարանքներն են նաեւ Աստուծոյ, որովհետեւ Քրիստոսը նոյնացաւ  դժբախտութեան մէջ երբ մեզի կ'ըսէր յստակ կերպով «Այն մարդը որ ծարաւէն կը մեռնի, այս բանտարկեալը, այն հեռացուածը.... ես եմ:

Եթէ մեր երջանկութիւնը իրեն հետ պիտի ըլլայ, ինչպէ՞ս ուրեմն մենք կը յաւակնինք առանց իրեն ընկերանալու իր չարչարանքներուն, եւ մանաւանդ այն անձերու չարչարանքներուն որոնք ամէն օր մեր առջեւ ի յայտ կու գան: Մեզմէ կը պահանջուի որ ամէն օր գթութեան արարք մը կատարենք նոյնիսկ եթէ պարզ ըլլլայ:

Կարեկցութիւնը կարելի եւ դիւրին կը դառնայ միմիայն ցաւին ընդմէջէն եւ մանաւանդ յարուցեալին կարողութեան միջոցաւ: Ինքն է որ իր ուժին միջոցաւ մեզ  կը մարզէ եւ մեզի կը մտցնէ ճշմարիտ կարեկցութեան խորհուրդին մէջ որ է հանդիպումը Քրիստոսի հետ եւ մասնակցութիւնը իր անհուն աստուածային եւ եղբայրական սիրոյն:

Այս անչափ եւ անծայրածիր սրէն է որ աշխարհային տարողութիւնը կու տայ Խաչին: Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին կը չարչարուի, ոչ միայն մեր մեղքերուն պատճառով այլ որովհետեւ ազատ կերպով իր վրայ առաւ, իր բոլոր ընդարձակութեամբ եւ խորութեամբ աշխար-հիս անքննելի չարչարանքները:

Յարութիւնը կը մնայ այն չարչարանքներուն պտուղը որ բոլորիս տուաւ յաղթութեան իմաստը ապրելու եւ տօնելու իրեն հետ հրաշափառ Զատիկը:

 

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.