2015-03-31 09:00:00

2015-ի Ապրիլ ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններ կրող բնաբաններով, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։

2015-ի Ապրիլ ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին Սրբութիւնը ընտրած է.

''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի մարդիկը սորվին յարգել արարչութիւնը ու զայն պահպանեն որպէս Աստուծոյ պարգեւ''։


Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի հալածուած քրիստոնեաները զգան Յարուցեալ Տիրոջ մխիթարիչ ներկայութիւնը եւ համայն Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.