2015-03-30 10:57:00

Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ պատին հակահայկական նոր գրութիւն յայտնուած է։


«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Պաքըրքէօյ շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատին հայերուն նկատմամբ ատելութիւն սերմանող գրութիւններ յայտնուած են:

Անցեալ շաբաթ, անյայտ անձեր եկեղեցւոյ պատին գրած էին. «Ինչ օգուտ, եթէ հայ ըլլաք, եթէ մեզմէ մէկը Օկիւն Սամասթն է»:

Այս արտայայտութիւնը ընկերային ցանցերուն վրայ մեծ աղմուկ յառաջացուցած է, ինչէն ետք` չորեքշաբթի օր, եկեղեցւոյ պատին յայտնուած է հետեւեալ նոր գրութիւնը. «Օրհնեալ տարի` 1915»:

Այդ գրութիւնները արդէն ներկուած ու ծածկուած են, եւ եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար Մեսութ Էօզտեմիր կը նշէ, որ եկեղեցւոյ պատը մարդաշատ շրջանի մէջ է, եւ կարելի չէ բացայայտել, թէ ատիկա ո՛վ գրած է:

Փետրուարին նոյն եկեղեցւոյ պատին այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» նուիրուած ցեղապաշտական պաստառ մը կախուած էր, ինչ որ, սակայն, աւելի ուշ հեռացուած էր ոստիկաններուն միջամտութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.