2015-03-30 09:46:00

ՄԱԿ-ը ընդունած է Հայաստանի ներկայացուցած ցեղասպանութեան կանխարգիլման բանաձեւը


ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդը ընդունած է Հայաստանի ներկայացուցած ցեղասպանութեան կանխարգիլման բանաձեւը

 

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ 27 Մարտ 2015-ին, Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 28-րդ նստաշրջանին ընթացքին համախոհութեամբ ընդունուած է Հայաստանի նախաձեռնած Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւը, որուն միացած եւ համահեղինակած են 64 պետութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն նշեալ խորհուրդի շրջանային բոլոր խումբերը: Բանաձեւը համահեղինակելու համար բաց պիտի մնայ տակաւին երկու շաբաթ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը:

Բանաձեւը կը վերահաստատէ, որ ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու անպատժելիութիւնը կը խրախուսէ նոյնպիսի յանցագործութիւններու կրկնութիւնը եւ լուրջ խոչընդոտ է միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ժողովուրդներու համագործակցութեան համար եւ կ՛ընդգծէ անպատժելիութեան դէմ պայքարը` իբրեւ կանխարգիլման կարեւոր գործիք:

Հայաստանի նախաձեռնած բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի, որ ցեղասպանութեան յանցագործութեան ժխտման եւ արդարացման փորձերը կը վտանգեն անպատժելիութեան դէմ պայքարը, կը խոչընդոտեն ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուղղուած ջանքերը:

Բանաձեւին մէջ կը վերահաստատուի Համընդհանուր պարբերական քննութեան մեքանիզմներու կարեւորութիւնը` հրաւիրելով պետութիւնները իրենց ազգային զեկուցումներուն մէջ ներկայացնելու տեղեկատուութիւն ցեղասպանութեան եւ այլ զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն մասին:

Բանաձեւը ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպատակով ամրապնդելու համագործակցութիւնը գործող մեքանիզմներու ծիրին մէջ, ցեղասպանութիւններու վերածուելու հաւանականութիւն ունեցող մարդու իրաւունքներու զանգուածային, լուրջ եւ պարբերական խախտումները կանխարգիլելու նպատակով:

Փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի կրթութեան կարեւորութիւնը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ եւ կոչ կ՛ուղղուի անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն համապատասխան կրթական ծրագիրի միջոցով նպաստելու ցեղասպանութիւններու իրազեկման եւ անոնց միջոցով կանխարգիլման:

Իբրեւ կանխարգելիչ միջոցառում բանաձեւը ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` սահմանելու անցեալին մէջ կատարուած ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի ազգային օրեր, որպէսզի այդպիսի յանցագործութիւնները երբեք չմոռցուին եւ բոլորը կարելիութիւն ունենան անցեալի դասերուն հիման վրայ նպաստելու առաւել ապահով ապագայի կերտման:

Բանաձեւով Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կ՛առաջարկէ 9 Դեկտեմբերը` Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատժման մասին ուխտի որդեգրման օրը, սահմանել իբրեւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի օր:

Ըստ բանաձեւին, կը նախատեսուի նաեւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով համակարգողներու համաշխարհային ցանցի ստեղծում:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.