2015-03-30 10:41:00

Եկեղեցական Գիտելիքներ


Աւագ Շաբաթը բոլոր ծէսերուն մէջ յատուկ տեղ մը կը գրաւէ. Կոչուած նաեւ Սուրբ Շաբաթ, ան կը բովանդակէ իր մէջ այն 8 օրերը որոնք ամէնէն բովանադակալից օրերն են Քրիստոսի կեանքին եւ վարդապետութեան։ Յիսուս Երուսաղէմ կը մտնէ փառաւոր կերպով, գիտնալով հանդերձ որ հոն զինք պիտի սպաննեն Հրեաները, սակայն  հարկադրաբար ինք կու գայ, նման անմեղ գառնուկին` իր դահիճին առջեւ, որովհետեւ այդպէս միայն պիտի կարենայ իր կատարումին հասցնել իր անձին զոհը մարդոց փրկութեան համար։ Ծաղկազարդի Ովսաննաներուն պիտի յաջորդեն միեւնոյն ժողովուրդի ի խաչ հան աղաղակները։ Սակայն այդպէս է որ պիտի իրագործուի Հօր կամքը, եւ ինք աշխարհ եկած է կատարելու իր երկնաւոր Հօր կամքը։

Հայկական ծէսին մէջ` Աւագ շաբաթը,  մեծ նշանակութիւն ունի եւ հսկայական տեղ կը գրաւէ . Մեծ Պահքէն բոլորովին կ՝անջատուի եւ ուղղակիօրէն կը կապուի յարութեան եւ փրկչագործութեան խորհուրդին։

Այս շաբաթը երկու մասի կը բաժնուի. Առաջին երեք օրերը ուր տակաւին Յիսուս ազատօրէն կը շրջի Երուսաղէմի մէջ, իր փառաւոր մուտքէն ետք։ Հետեւեալ երեք օրերը ուր Յիսուս կը ձերբակալուի, կը չարչարուի, կը խաչուի, կը մեռնի եւ կը թաղուի. Իսկ այս ամէնը կը պսակուի Քրիստոսի փառաւոր յարութեամբ։

Օր առ օր յառաջանանք.

Կիրակի`29 մարտին  կը տօնենք Ծաղկազարդը։ Այս տօնակատարութեան ընթացաքին կ՛օրհնուին ձիթենիի ճիւղերը եւ կը բաժնուին ժողովուրդին, որպէսզի ամէնքը մասնակցին Քրիստոսի յաղթական մուտքին Երուսաղէմ։ Իսկ հայ ծէսը ունի շատ գեղեցիկ արարողութիւն մը այս օրուան համար, Դռնբացէքի արարողութիւնը. Աւագերէցը ժողովուրդին հետ կ՛երթայ Եկեղեցւոյ դռնէն դուրս եւ երեք անգամ կը բախէ դուռը խնդրելով աղերսագին որ Տէրը բանայ իրեն եւ իր ժողովուրդին համար` ողորմութեան դռները։ Նման 5 իմաստուն կոյսերուն` բոլոր ժողովուրդը վառած մոմեր կը բռնէ եւ կը սպասէ եկեղեցւոյ դռներու բացուելուն, որպէսզի ներս մտնէ երգով ու աղօթքով։ Նախապէս կը կատարուի նաեւ անդաստանի գեղեցիկ արարողութիւնը, դարձեալ զուտ հայկական, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը։

Աւագ Երկուշաբթի (30 մարտ)  Հայ Եկեղեցին կը տօնէ Որոտման որդիներու տօնը. Անոնց մայրը` կը խնդրէ Յիսուսէն որ իր երկու որդիները՝  Յովհաննէս եւ Յակոբ, որոնք Յիսուսի առաքեալներն են, նստին Յիսուսի աջ եւ ձախ կողմը երկնքի արքայութեան մէջ։

Աւագ Երեքշաբթի  (31 մարտ)  Տասը կուսանաց օր. Կը կարդանք աւետարանի 10 կոյսերու առակը . անոնց հինգը իմաստուն են, որովհետեւ աւելորդ ձէթ պատրաստած են իրենց լապտերներուն համար, փեսայի սպասման ժամանակ. Իսկ միւս հինգը յիմար են, որովհետեւ ձէթի պաշար մը չեն առած իրենց հետ եւ երբ կէս գիշերին փեսան կը հասնի, իրենց լապտերները արդէն մարած ըլլալով` չեն կրնար մտնել հարսանիքի տօնին։

Աւագ Չորեքշաբթի (1 ապրիլ) երկու դէպք կը պատմուի Սուրբ Աւետարանին մէջ. Մին Բեթանիայի օծումն է, ուր մեղաւոր կին մը կու գայ օծելու անուշահոտ իւղով մը  Յիսուսի ոտքերը. Ասիկա գայթակղութիւն կը պատճառէ նոյնիսկ կարգ մը առաքեալներուն, գլխաւորապէս Յուդայի, թանկագին իւղի վատնումին պատճառաւ։ Միւս դէպքը Յուդայի որոշումն է մատնելու իր Տէրը։

Աւագ Հինգշաբթի (2 ապրիլ)  Վերջին ընթրիքի պահուն, զոր Քրիստոս կ՛անցնէ իր առաքեալներուն հետ, կը լուայ անոնց ոտքերը եւ ապա կը հաստատէ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, բաժնելով անոնց հացը եւ գինին, որոնք կը խորհրդանշեն իր մարմինն ու արիւնը։

Աւագ Հինգշաբթին 2 Խորհուրդներու հաստատումի օրն է . ´´  Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդ եւ քահանայական խորհուրդ՝՝։

Աւագ Ուրբաթ (3 ապրիլ)  կը յիշենք Յիսուսի չարչարանքները եւ մահը խաչի վրայ. Այդ օրը Սուրբ պատարագ չի մատուցուիր, առ ի յարգանս Քրիստոսի թաղման։ Յուզիչ է սոյն արարողութիւնը հայկական ծէսին մէջ, ուրուն կը յաջորդէ Քրիստոսի թաղման թափօրը արեւելեան երկիրներու մէջ։

Աւագ Շաբաթ (4 ապրիլ)   կը սկսի Ճրագալոյցը Սուրբ Յարութեան. Երեկոյեան դէմ` կը կատարուի ընթերցում Քրիստոսի յարութեան հայող մարգարէութիւններու եւ ապա` հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։

Կիրակի օրը 5 Ապրիլին  Զատիկ է. Տօն՝  Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան.

Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի








All the contents on this site are copyrighted ©.