2015-03-30 10:00:00

Ամեն. Հոգեւոր Տէրը կը պատարագէ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ


(armeniancatholic.org)  

Հնամեայ սովորութեան համաձայն, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Ծաղկազարդի օրը՝ 29 մարտ 2015, առաւօտեան ժամը 10-ին, մեծ թափօրով մուտ գործեց Պուրճ Համուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցի, որուն դրան առջեւ արդէն շարուած կը սպասէին «Սուրբ Մեսրոպ»ի արիները, խորանի սպասաւորները, ժողովրդապետական ընդունելութեան պատուիրակութիւնը՝ տեղւոյն փոխ ժողովրդապետ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանին հետ, գլխաւորութեամբ ժողովրդապետ հայր՝ Պերճ վրդ Սապէի:

Օրուան արարողութիւններուն հանդիսադրեց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, առընթերակայութեամբ գերապատիւ հայրեր՝ Պերճ վրդ. Սապէի եւ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի: Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը ղեկավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի: Արարողութիւններուն մասնակցեցան ժողովրդապետական միութիւնները, ինչպէս նաեւ մասնակցեցաւ պետական երեսփոխան՝ մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան եւ ազնուափայլ տիկինը:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Աւագ Շաբթուան ընթացքին մեր փրկութեան խորհուրդները պիտի յիշատակենք: Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ ուրախութեան՝ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն: Միշտ ուրախ եղէ՛ք Տիրոջ մէջ, կ'ըսէ սուրբ Պօղոս, եւ կը պնդէ այս կէտին վրայ: Մենք իբրեւ քրիստոնեաներ մեր յոյսը կը դնենք Աստուծոյ վրայ: Անոր կը վստահինք: Ասկէ կու գայ սրտի խաղաղութիւնը, որ մենք կը վայելենք եւ վայելել կու տանք մեր շուրջիններուն ալ: Իսկ այսօրուան Աւետարանը կը խօսի Յիսուսի մուտքին մասին Երուսաղէմ: Յիսուսի մուտքը եղաւ խոնարհ թագաւորի մը նման եւ ոչ թէ սարսափազդու: Ոյժով չէ որ մտաւ Երուսաղէմ, այլ խոնարհութեամբ: Երբ մէկը որոշ իշխանութեան հասնի, սատանան կը փորձէ զինքը որ խոնարհ չըլլայ: Խոնարհութիւնը, ըսաւ Հոգեւոր Տէրը, կը նշանակէ ինքզինք ճանչնալ, իսկ քրիստոնեային խոնարհութիւնը միշտ Աստուած առաջին տեղը կը դնէ եւ ինքզինք երկրորդ: Յիսուս ինքն է տիպարը քրիստոնեային խոնարհութեան, ըսաւ ան: Ան որ խոնարհ չէ եւ իր պատիւը կը փնտռէ ուրախ չ'ըլլար:  Իսկ հակառակը կը պատահի խոնարհ մարդուն, որուն կեանքին մէջ Աստուած առաջին տեղը կը գրաւէ: Անիկա խաղաղութեան մէջ կ'ապրի եւ ուրախ է եւ ուրիշներուն օգտակար կը դառնայ:»

Ապա Հոգեւոր Տէրը նշեց թէ ձիթենիի ճիւղը խաղաղութեան նշան է: Խնդրեց որ հաւատացեաlները իրենց տուները տանին զայն եւ յորդորեց հաւատացեալները խոնարհութեամբ եւ երկիւղածութեամբ ապրիլ Աւագ Շաբթուան բոլոր արարողութիւնները: 

Սուրբ Պատարագէն ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը օրհնեց ձիթենիի ճիւղերը եւ Ծաղկազարդի հանդիսաւոր թափօրէն ետք կատարեց «Անդաստան»ի օրհնութիւնը: Արարողութիւններու աւարտին, ժողովրդապետութեան դահլիճին մէջ, հաւատացեալները մօտեցան Հայրապետին՝ աջահամբոյրի համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.