2015-03-29 11:55:00

Ֆրանչիսկսոս Պապի հեռագիրը՝ Չիլէի եւ Փէրույի մէջ ողողումի զոհերուն


(Ռատիօ Վատիկան) Օրեր ի վեր Փէրույի եւ Չիլէի մէջ տեղացող տեղատարափ անձրեւի պատճառած

Ողողումներու հետեւանքով արձանագրուած են  անթիւ մեռեալներ եւ վիրաւորներ։

Շաբաթ, 28 մարտին, Վատիկանի պետքարտուաղար Կարդինալ Փարոլին, , Յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին,  Փէրույի եւ Չիլէիի առաքելական նուիրակներուն յղեց հեռագիր մը որուն մէջ յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապի կսկիծն ու  աղօթքը զոհերուն, անոնց  ընտանեկան պարագաներուն եւ վիրաւորներուն։ Հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը նշեց  նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային  հաստատութիւններուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց՝  աջակցելու եւ օժանդակելու  Չիլէյի եւ Փէրույի ժողովուրդներուն որպէսզի անոնք կարենան դիմագրաւել սոյն տաժանելի պահերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.