2015-03-28 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի նամակը Քարմէլիթեան միաբանութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Մանուկ Յիսուս Սրբուհի Թերեզայի ծննդեան 500 ամեակի առթիւ, շաբաթ 28 մարտին,

Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղեց Քարմէլիթեան միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւոր` Հայր Քանիսսաթրային։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնած է  իր իղձը՝ բովանդակ Եկեղեցւոյ հետ միասին, գոհութիւն մատուցելու Քարմէլիթեան մեծ ընտանիքին՝ կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն ինչպէս նաեւ աշխարականներուն՝ Սրբուհի Թերեզայի արտակարգ  խարիզմին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապր մեծ շնորհք նկատած  է Սրբուհի Թերեզայի ծննդեան 500 ամեակի յոբելինական տարին, որ կը զուգադիպի կրօնաւորական կեանքի տարուան, ընդգծելով թէ` Աստուծոյ ամբողջական անձնուիրումին համար, Ավիլայի Սրբուհին կը հանդիսանայ առաջնորդ եւ հրապուրիչ  տիպար։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկելով  Սրբուհի Թերեզային կենցաղին գրած է` թէ Ան՝ յատկապէս Աղօթքի ուսուցչուհի եղած  է։ Սրբուհին Թերեզան  իր կեանքին որպէս կեդրոն ընտրած է Քրիստոսի մարդկութեան յայտնաբերումը՝ բաժնեկցելով զայն ուրիշներուն հետ եւ պարզելով՝ թէ Յիսուս նախ եւ առաջ բարեկամ մըն է։

Այն պահուն երբ Սրբուհի Թերեզան հանդիպեցաւ Յիսուսին, ապրեցաւ ուրիշ կեանք մը եւ կերպարանափոխուեցաւ ու դարձաւ Աւետարանի անխոնջ հաղորդիչ։

Ֆրանչիսկոս Պապը նամակը եզրափակած է ընդգծելով որ՝ Սրբուհի Թերեզան գիտակից էր,  թէ առանց ճշմարիտ հասարակաց կեանքի, կարելի չէ  պաշտպանել Աղօթքն ու միսիոնարականութիւնր, ուստի՝ Սրբուհիին հիմնած վանքերու վեմը դարձաւ եղբայրակցութիւնը՝ ուր բոլորը  պէտք են սիրել եւ իրենց զիրենք սիրուած զգան՝ փոխադարձաբար։

Ունենալով սոյն ազնուական  արմատները, Թերեզեան հասարակութիւնները կոչուած են դառնալու հաղորդութեան բնակարաններ, որ կարող են վկայել եղբայրական սէրն ու Եկեղեցւոյ մայրութիւնը,  Տիրոջ  ներկայացնելով, բաժանումներէ եւ պատերազմներէ տանջուած՝  աշխարհի պահանջքները ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.