2015-03-28 09:13:00

''Ասթալլի'' գաղթականներու կեդրոնը ՝անմիջապէս դադրեցնել Սուրիոյ պատերազմը


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ  գաղթականներու ծառայութեան ի սպաս,   Յիսուսեան միաբանութեան բարեսիրական ընկերակցութիւնը կը յայտնէ, թէ Սուրիոյ մէջ մինչեւ այսօր արձանագրուած են աւելի քան 220 հազար մեռեալներ, մէկ միլիոնէ աւելի վիրաւորներ եւ 12 միլիոն հոգիներ կարիքն ունին հոգատարութեան։ Դրացի երկիր Լիբանանի  չորս միլիոն բնակչութեան  1.2 միլիոնը՝ գաղթականներ են։

Ասթալի Յիսուսեան Միաբանութեան պատկան գաղթականներու կեդրոնը միջազգային ընտանիքէն կը խնդրէ անմիջապէս դադրեցնել  Սուրիոյ պատերազմը եւ կը հրաւիրէ  եւրոպական հաստատութիւններն ու եւրոմիութեան  անդամ երկիրները ապահովեցնել Միջին արեւելքէն փախուստ տուող գաղթականերուն մուտքը դէպի եւրոպա։

Հռոմի գաղթականներու Ասթալլի կեդրոնի նախագահ հայր՝ Քամիլլօ Ռիփամոնթի,  կ՝ընդգծէ, թէ ''պատասխանատուութիւնն ունինք անտարբեր չմնալու տառապող ժողովուրդին աղաղակին՝ միասնաբար աշխատելու խաղաղութեան ի խնդիր'' ու կ՝ աւելցնէ թէ գաղթականներու ներկայութիւնը Ասթալլի կեդրոնին մէջ,   յիշեցնել կու տայ.  թէ մեզմէ ոչ շատ հեռու՝ կան ռմբակոծութեան ենթարկուած երկիներ, որուն  բնակիչները   յուսալքուած են եւ կը պայքար կը մղեն  կեանքի ի խնդիր''։








All the contents on this site are copyrighted ©.