2015-03-27 09:47:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին 2015-ի՝ Սուրբ Շաբթուայ արարողութեանց ժամանակացոյցը։


Կիրակի` 29 Մարտ 2015-ին, Տօն Ծաղկազարդի եւ Օր Տիրոջ Չարչարանաց, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9.30ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, պիտի օրհնէ արմաւենիի ու ձիթենիի ճիւղերը, եւ յաւարտ  ծիսական թափօրին  պիտի մատուցանէ Յիսուսի չարչարանաց Սուրբ Պատարագի զոհը։ Յայտնենք թէ նոյն օրը կը նշուի` Երիտասարդներու համաշխարհային 30-րդ օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է ` ''Երանի՜ անոնց որ սրտով սուրբ են, որովհետեւ Աստուած պիտի տեսնեն''։


Հինգշաբթի 2 Ապրիլ 2015-ին` Աւագ Հինգշաբթի է։ Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան ժամը 9.30ին Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը կատարելով Սուրբ Իւղերու օրհնութիւնը։

3 Ապրիլ 2015-ին Աւագ Ուրբաթ է. Օրը նուիրուած է Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակութեան։ Յետ միջօրէի ժամը 5.00ին, Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը, խաչի պաշտամունքն ու հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը։ Իսկ երեկոյեան ժամը 9.15ին, Հռոմի երկհազարամեայ ''Քոլլոսէում''ի աշխարհածանօթ ամփիթատրոնին մէջ, Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ Ճանապարհ Խաչիի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը որուն աւարտին իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ ներկայ բոլոր հաւատացեալներուն։  

4 Ապրիլ 2015-ին, Աւագ Շաբաթ է.  Երեկոյեան ժամը 8,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, նախատեսուած է  Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումը։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ,  իսկ ապրիլ 5-ին  Զատիկ է` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան յիշատակի օրը։ Առաւօտեան ժամը 10.15ին Ֆրանչիսկոս Պապը,   Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին  Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, համայն աշխարհին կ՛ ուղղէ ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' ուղղուած աւանդական առաքելական օրհնութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.