2015-03-27 10:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապը մասնակցեցաւ Քառասնորդացի շաբաթական խորհրդածութիւններու նիստին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 27 մարտ 2015-ի, առաւօտեան ժամը 9.00 ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Առաքելական պալատի REDEMPTORIS MATER մատրան մէջ, մասնակցեցաւ` Քահանայապետական տան Քարոզիչ` Հայր Ռանիէրօ Քանթալամէսայի  Քառասնորդաց շրջանի շաբաթական խորհրդածութիւններու չորրորդ ու վերջին նիստին։ 

Յայտնենք թէ Հայր Քանթալամէսայի 2015-ի քառասնորդացի խորհրդածութիւններու ընդհանուր նիւթը եղաւ ''Երկու թոքեր , մէկ շունչ, արեւելք եւ արեւմուտք միացած դաւանած միեւնոյն հաւատքին մէջ'', իսկ այսօրուայ եզրափակիչ խորհրդածութեան նիւթը հանդիսացաւ ''Արեւելք եւ Արեւմուտք` Փրկագործութեան խորհուրդի դիմաց''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.