2015-03-26 09:35:00

Փեքինի մէջ կայացած են Հայ-Չինական բարձր մակարդակի բանակցութիւնները


Պետական այցով Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն (ՉԺՀ) գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Ժողովրդական ներկայացուցիչներու պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցած է ՉԺՀ Նախագահ Սի Ծինփինի հետ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Հանդիպումի աւարտին բանակցութիւններու արդիւնքներով Հայաստանի եւ Չինաստանի նախագահները ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան բարեկամական համագործակցութեան յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման եւ խորացման մասին» համատեղ հռչակագիր:

Ստորագրուած են նաեւ երկու երկիրներու միջեւ շարք մը ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման ուղղուած աւելի քան մէկ տասնեակ փաստաթուղթեր: Մասնաւորապէս` «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան միջեւ` քրէական գործերով փոխադարձ իրաւական օգնութեան մասին» պայմանագիր, «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ տեխնիկատնտեսական համագործակցութեան մասին» համաձայնագիր, «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կողմէ արտօնեալ վարկի տրամադրման մասին» շրջանակային համաձայնագիր, «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ մաքսային գործերու մէջ համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին» համաձայնագիր, «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ կրթութեան եւ գիտական աստիճաններու վերաբերեալ փաստաթուղթերու փոխադարձաբար ճանաչման մասին» համաձայնագիր, «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ` զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջմ համագործակցութեան մասին» համաձայնագիր, «Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան առեւտուրի նախարարութեան միջեւ Հայ-չինական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան համատեղ յանձնաժողովի շրջանակներու մէջ Մետաքսի ճանապարհի տնտեսական գօտիի ստեղծման գործին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման մասին» յուշագիր, «Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան հասարակական անվտանգութեան նախարարութեան միջեւ յանցագործութիւններու կանխարգելման եւ բացայայտման ոլորտու մէջ համագործակցութեան մասին» համաձայնագիր, «Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան ժողովրդական դրամատան միջեւ հայկական դրամ/չինական իւան երկկողմանի SWAP կարգաւորումներու մասին» համաձայնագիր, «ՀՀ կառավարութեան` ի դէմս Ելեւմուտքի նախարարութեան, որպէս վարկառու, եւ Չինաստանի ներմուծման-արտահանման դրամատան, որպէս վարկատու, միջեւ մաքսային զննման տեխնոլոգիաներու եւ սարքաւորումներու արդիականացման ծրագիր` կառավարութեան արտօնեալ պայմաններով» վարկային համաձայնագիր, «Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան եւ Չինաստանի ազգային ուժանիթի կազմակերպութեան միջեւ հիլէական ուժանիւթի ծրագիրներուն մէջ համագործակցութեան մասին» փոխըմբռնման յուշագիր:

Մինչ նախագահ Սի Ծինփինի հետ հանդիպումը, նախագահ Սերժ Սարգսեան առաւօտեան հիւրընկալուցած է ՉԺՀ մայրաքաղաքի առաջադէմ կրթօճախներէն մէկուն՝ շուրջ 290 տարուան պատմութիւն ունեցող Փեքինի թիւ 2 միջնակարգ դպրոցին կողմէ: Անիկա կազմաւորուած է 1724 թուականին Ցին կայսրութեան օրօք կառուցուած դպրոցի հիման վրայ: Դպրոցը կը համարուի Փեքինի խոշորագոյն եւ արհեստագիրականօրէն յագեցած դպրոցներէն մէկը: Կրթական այս հաստատութեան շրջանաւարտներուն մօտ 95 տոկոսը կ՛ընդունուին երկրի լաւագոյն համալսարանները: Դպրոցը կ՛իրականացնէ նաեւ միջազգային համագործակցութեան ծրագիրներ, ինչպէս` աշակերտներու փոխանակման ծրագիրներ շարք մը երկիրներու հետ:

Ի պատիւ պետական այցով Չինաստան գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի` ՉԺՀ նախագահ Սի Ծինփինի անունէն այսօր պիտի տրուի պաշտօնական ճաշ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.