2015-03-26 13:43:00

Սրբուհի Թերեզայի ծննդեան 500 ամեակի առթիւ աղօթք աշխարհի խաղաղութեան համար


Շաբաթ, 28 մարտին, կը նշուի Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի  ծննդեան 500 ամեակը։Այս ծիրէն ներս Քարմէլիթեան միաբանութիւնը իրեն պատկան վանքերու եւ աշխարական ընկերակցութիւններու մէջ կազմակերպած է զանազան ձեռնարկներ։

Անցեալ՝ 14 հոկտեմբերի 2014ին,  Ավիլա քաղաղքին Սրբուհիին նուիրուած`  Լա Սանթա եղկեղեցւոյ մէջ, Քարմէլիթեան միաբանութեան մեծաւոր Հայր` Սավէրոյ Քաննիսթրա,  հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ  մատուցանելով  թափ տուաւ Սրբուհիի թերեզայի ծննդեան 500 ամեակի յոբելինական տարուայ տօնակատարութիւններուն։ Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, մեծաւոր հայրը հաւատացեաեներէն խնդրեց  որ  ''Սրբուհի թերեզայի ծննդեան տարեդարձէն երկու օր առաջ, Անոր ընծայենք բան մը որ իր սիրտը ուրախութեամբ լեցնէ՝ աղօթքը։ Աղօթք մը՝ որուն  դիտաւորութիւնը ըլլայ աշխարհի խաղաղութիւնը''։

 

Սրբուհի Թերեզան՝ ի տես  աշխարհի մէջ տիրող բաժանումներու եւ պատերազմներու՝ կ՛աղաղակէր՝ աշխարհը հրկիզուած է։ Մեր ժամանակակից աշխարհն ալ հուր ու բոցի ենթարկուած է, ըսաւ Հայր Քաննիսաթրա, ու հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար։

 

Այս ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 26 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, որուն մասնակցեցան  Քարմէլիթեան միաբանութեան Մեծաւորն ու տեղապահը. ակնարկելով Սրբուհի Թերեզայի ծննդեան 500 ամեակի տօնին  եւ յայտնելով, թէ շաբաթ 28 մարտին՝ աշխարհի Քարմելիթեան զանազան հասարարկութիններուն մէջ,  մէկ ժամ աղօթք պիտի կատարուի աշխարհի խաղաղութեան համար յարեց`

՝՝Սրտանց կը միանամ սոյն ձեռնարկին, որպէսզի Աստուծոյ սիրոյ հուրը յաղթանակէ պատերազմներէ յառաջացած հրթիռներուն՝ որոնք կը վշտացնեն մարդկութիւնը, ­

եւ զէնքերով կատարուած պատերազմներուն վրայ գերիշխէ երկխօսութիւնը։

Թող Սրբուհի Թերեզան բարեխօս ըլլայ մեր այս աղերսին՝՝։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.