2015-03-24 14:06:00

Ֆրանսայի հարաւը Airbus A320 օդանաւը վթարի ենթարկուած է


Ֆրանսայի մէջ Airbus A320 օդանաւը վթարի ենթարկուած է: Օդանաւին մէջ եղած է 150 մարդ, որմէ 8-ը՝ անձնակազմի անդամներ: Դէպքը տեղի ունեցել Ֆրանսայի հարաւը: Վթարի ենթարկուած օդանաւը պատկանած է Germanwings ընկերութեան, եւ կ՛ուղեւորուէր Տիւսելտորֆէն Պարսելոնա: Այդ մասին կը գրէ «ՌԻԱ նովեսթի»-ն` վկայակոչելով Ֆրանսայի քաղաքացիական օդանաւային վարչութիւնը:

Ինքնաթիռի բոլոր ուղեւորները, ամենայն հաւանականութեամբ, զոհուած են: Այդ մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, կը հաղորդէ AFP գործակալութիւնը: Օլանտ նաեւ զօրակցութիւն յայտնած է ինքնաթիռի վթարի զոհերու ընտանիքներուն:

«Օդանաւին մէջ 148 մարդ եղած է: Պատահարի հանգամանքները, որոնք դեռ յստակ չեն, մեզի կը ստիպեն մտածելու, որ կենդանի մնացածներ չկան… Վթարը տեղի ունեցած է  տարածքի մը մէջ, ուր դժուար է հասնիլ»,- ըսած է Օլանտ:

France 24-ի հաղորդմամբ, կործանուած Airbus-ին մէջ հիմնականօրէն եղած են Գերմանիոյ քաղաքացիներ:

AFP գործակալութիւնը յայտնած է նաեւ, որ օդանաւին բեկորները յայտնաբերուած են Ֆրանսայի Վերին Ալպերու մօտ: Ինքնաթիռը դուրս եկած էր Պարսելոնայի միջազգային Էլ-Պրատ օդակայանէն` ուղեւորուելով Տիւսելտորֆ:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ անձնակազմը տագնապի ազդանշան ուղարկած է ժամը 10:47-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.