(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 24 մարտին, կը նշուի աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրը` մարտիրոս առաքեալներու ի յիշատակ։ Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է Քահանայապետական միսիոնարական գործունէութիւններու երիտասարդական շարժումի կողմէն, ոգեկոչելով Սան Սալվատոր թեմի Արքեպիսկոպոս` Օսքար Արուլֆօ Ռոմէրոյի տարելիցը, սպաննուած 24 մարտ 1980ին, եւ որուն երանացման արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 23 մայիս 2015-ին։
Վերոնշեալ ձեռնարկին նպատակն է՝ աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ յիշատակել աշխարհի զանազան վայրերու մէջ սպաննուած միսիոնարները, ինչպէս նաեւ Աւետարանի վկայութեան ի սպաս իրենց արիւնը թափած ՝ Հովուական գործիչները։
Ֆիտէս լրատու գործակալութեան տուեալներու համաձայն, 1980 թուականէն մինչեւ 2014 թուական՝ սպաննուած են 1602 միսիոնարներ։ Միայն 2014 տարուան ընթացքին, սպաննուած են 26 հովուական գործիչներ որոնցմէ 17 քահանաներ, 6 կրօնաւորներ, 1 նորընծայ եւ մէկ աշխարական ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |