2015-03-24 08:38:00

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ:


Ապրիլ 12-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մատուցանելիք սուրբ Պատարագով եւ նոյն ամսոյն 23-ին, Էջմիածնի Տաճարին մէջ կատարուելիք Ապրիլեան Նահատակներու սրբադասման արարողութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման միջոցառումները իրենց բարձրակէտին պիտի հասնին: Այն ատեն, արար աշխարհ պիտի իմանայ՝ մէկ դար առաջ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ՝ Հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը, որուն հետեւանքով մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներ զոհուեցան: Մենք կը հաւատանք, որ այս մարտիրոսները այժմ կը վայելեն Աստուծոյ երանաւէտ տեսութիւնը:  Արդարեւ, Հայ ազգի նահատակները արժանացան սուրբերու փառաւոր դափնեպսակին. իսկ շնորհիւ իրենց թափած արեան, այսօր, հայ ժողովուրդը, փոխանակ բնաջնջուելու՝ բազմապատկուած եւ ողջ աշխարհի մէջ տարածուած է իր եկեղեցիներով, դպրոցներով ու մշակութային կեդրոններով: Իր բնակութեան երկիրը շէնցնելով եւ անոր բախտին մասնակցելով հանդերձ՝ հայը, սակայն, կը շարունակէ երգել «Երբոր բացուին դռներն յուսոյ...» «Տէր Աստուած, երախտապարտ ենք քեզի, որովհետեւ Հայերուս համբերութիւնը 100 տարիներ շարունակ փորձելէ ետք՝ Դուն օգնութեան հասար իրեն, շնորհիւ ամենակարողութեանդ՝ մեռնելու փոխարէն՝ յարութիւն առաւ, եւ շնորհիւ քու տածած անհուն սիրոյդ՝ հանդէպ առաջին ազգին, որ պետականօրէն ընդունեց քու Որդիիդ՝ Քրիստոսի Աւետարանը, Հայաստան վերանկախացաւ, վերականգնեցաւ ու յանձն առաւ ընթանալ խաղաղութեան, բարեկեցութեան եւ յառաջդիմութեան ճամբէն:   Ուստի, որդիաբար ու լի վստահութեամբ կը դիմենք քեզի որպէսզի աղաչանքներով քեզի համար իրենց կեանքը զոհած բիւրաւոր նահատակներուն՝ հայրական նախախնամութեամբդ պահես պահպանես Հայ Ազգը: Մենք ալ, մեր կարգին, կ'ուխտենք քեզ ցմիշտ սիրել, պատուիրաններդ հաւատարմութեամբ պահել, բարի կամեցողութեան տէր մարդոց հետ գործակցիլ՝ կերտելու համար համերաշխ ապագայ մը թէ' հայրենիքին, թէ' սփիւռքին եւ թէ' համայն աշխարհի մէջ , Տերամբ մերով Յիսուսիւ Քրիստոսիւ: Ամէն»:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.