2015-03-24 08:52:00

Ես եւ բարեկամս նոյնը չենք


Այս առակին մէջ Յիսուս կ'ուզէ ուշադրութիւնը դնել հրաւէրի եւ ունկնդրութեան վրայ: «Լսեցէք ուրիշ առակ մըն ալ. ունկնդրութեան հրաւէրը չի կայանար անցողական դիրքորոշումի մը մէջ, այլ իսկական ենթադրութեան մը որ գործնականի մէջ կը դրուի:

Սուրբ Յակոբը, նշանաւոր անցքի մը մէջ մեզ կը ներկայացնէ այն սահմանափակ մարդը որ կրաւորական ունկնդրութեան կ'ենթարկուի:

«Ով որ կ'ունկնդրէ խօսքը եւ չի գործադրեր զայն, նման է մարդուն որ ակնապիշ կը դիտէ իր պատկերին, եւ որ կը ծնի հայելիին մէջ, կը նայի, կը տեսնէ ինքզինք եւ կը մոռնայ թէ ինչպէս էր (Յակոբ 1, 23-24)»: Կենդանի ենթադրութիւն մը կարելի է, երբ կը հաւատանք թէ Քրիստոսն է որ մեզի կը խօսի եւ մանաւանդ թէ ինծի կ'ուղղէ իր պատգամը, եւ մանաւանդ առաջինն եմ որ պէտք եմ ստանալու այս պատգամը: Շատ դիւրին է ուրիշէն խնդրել որ Աւետարանը ընդունի եւ քալել իր խօսքերուն ետեւէն:

Երբ այգեգործը գայ ի՞նչ պիտի ընեն ծառաները: Այս հարցումը 2000 տարիներէ ի վեր կը հարցուի իւրաքանչիւր հաւատացեալին: Մենք որպէս ունկնդիրներ Քրիստոսի խօսքին, արդե՞օք պիտի կարենանք ճանչնալ մեր կեանքի հայելիին միջոցաւ մեր անձ, ինչպէս նաեւ մեր հոգեւոր կեցուածքին դիրքորոշումը ճանչնալու, այսինքն կրցանք օգտուիլ այս շնորհքէն որ Աստուած ինծի շնորհեց: Արդե՞օք կրցայ պտղաբեր դառնալ ինծի յանձնուած հասարակութեան: Յիսուս մեզի կու գայ  որովհետեւ այսօրուայ Աստուծոյ խօսքն է ինծի համար:

Քառասնորդացի այս շրջանին ընթացքին, Տէրը մեզի կ'առաջարկէ ճշգրիտ թափանցում մը, մտային եւ կենդանի որ մեզի համար կը դառնայ գործնական իր խօսքին հետ: Կրնանք ապրիլ Յակոբի զաւակներուն նման, եւ եղբայրները Յովսէփին՝ հաւատալով թէ մեր բոլոր ցաւերուն աղբիւրը ուրիշէ մը կու գայ այսինքն ոչ Աստուծմէ:

Կեանքը մեզմէ կը պահանջէ որ իւրաքանչիւրս ջանայ փոխուիլ եւ պատրաստ ըլլալ փոխուելու որպէս զի ընդունինք այն կեանքին փոփոխութիւնները որ Աստուծմէ կու գան: Այսպէսով է որ կրնանք աշխարհը փոխել՝ մեզմէ սկսեալ մենք մեզի հարցնելով եթէ իրապաշտ ենք մեր մեղքերուն որ մահը պատճառեցին Աստուծոյ սիրեցեալ որդիին: Ի՞նչու ուրեմն երբեմն կը մտածենք Աստուծոյ այգին աւրել, ի՞նչու արդեօք այսօրուայ մարդիկը կ'ուզեն Աստուծոյ այգին սատանային եւ չար ոգիներուն յանձնել իրենց չարամտութիւններով եւ սխալներով: Ի՞նչու կը կշտամբենք մեր եղբայրները եւ Աստուծոյ այգին աւրել որ է իմ եւ ուրիշին կեանքը: Ի՞նչու այս վատ պտուղները Աստուծոյ կը նուիրենք որ արժանի է ամէնէն գեղեցիկին եւ բարիին:

Թող Աստուծոյ խօսքը ցոլայ մեր հոգիին հայելիներուն վրայ որպէսզի մենք մեզի դիտենք ինչպէս որ ենք Աստուծոյ աչքերուն մէջ:

Տէր, քու խօսքերդ լսելով կ'ուզեմ որ ինծի ցուցնես քու սրտիդ ճանաչման եւ քու իմաստութեանդ գանձերը: Ինծի շնորհէ այս մեծ գանձը որ է իմ ինքնաճանաչումս եւ մանաւանդ իմ մեղքերս: Տուր ինծի ուժը փոխելու եւ քու կամքդ կատարելու, քու շնորհքիդ միջոցաւ հասնելու աւելի խորունկ եւ հոգեւոր վերադարձի՝ մանաւանդ այս քառասնորդացի շրջանին:

Ով Մայր իմ Սուրբ Կոյս Մարիամ, ինծի սորվեցուր մտիկ ընելու եւ փոխուելու Յիսուսի անձին միջոցաւ: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.