2015-03-24 09:03:00

Արամ Ա., Թաւատրոս Բ. Եւ Աֆրամ Բ. Հոգեւոր Պետերու Հանդիպում Գահիրէի Մէջ


Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ 19-20 Մարտին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Գահիրի մէջ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի, ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թաւատրոս Բ. պատրիարքի եւ ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Աֆրամ Բ. պատրիարքի միջեւ: Սոյն հանդիպումը մաս կը կազմէր շուրջ քսան տարիներ առաջ Միջին Արեւելքի մէջ իրենց կեդրոնը ունեցող Արեւելեան ուղղափառ «Ոչ-քաղկեդոնական» քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու համախմբումին:

Վեհափառ հայրապետի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած յիշեալ կառոյցին նպատակն էր գործակցութիւն յառաջացնել հայ, ասորի ու ղպտի եկեղեցիներուն միջեւ, Միջին Արեւելքի շրջագծէն ներս: Միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը կազմակերպ հիմերու վրայ դնելու հեռանկարով, Գործադիր յանձնախումբ մը նշանակուած էր, ինչպէս նաեւ ենթայանձնախումբեր:

Անցնող տարիներուն ընթացքին թէ՛ հոգեւոր պետերը եւ թէ յանձնախումբերը կանոնաւոր հանդիպումներ ունեցան Անթիլիասի, Դամասկոսի եւ Գահիրէի մէջ: Սակայն վերջին քանի մը տարիներուն հանդիպումները կանոնաւոր չընթացան, նկատի ունենալով ասորի ու ղպտի պատրիարքներուն վախճանումը եւ նոր պատրիարքներու ընտրութիւնը:

Գահիրէի ղպտի պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած հոգեւոր պետերու հանդիպումէն առաջ Գործադիր յանձնախումբը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ, որուն Մեծի Տանն կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: Գործադիր յանձնախումբը ապա իր զեկոյցը ներկայացուց հոգեւոր պետերուն: Կատարուած ընդհանուր քննարկումներէն ետք երեք հոգեւոր պետերը միացեալ յայտարարութիւն մը կատարեցին:

Յիշեալ յայտարարութիւնը շնորհաւորելէ ետք Թաւատրոս Բ.ի եւ Աֆրամ Բ.ի ընտրութիւնը, լայնօրէն կ՛անդրադառնայ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան, կը դատապարտէ ծայրայեղական շարժումներու վերաբերումը անմեղ մարդոց ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ, կը շեշտէ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան կարեւորութիւնը՝ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած, կը շեշտէ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, կ՛ողջունէ Արեւելեան քոյր եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութիւնը կաթոլիկ, անկլիքան եւ ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ, եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին մասնակից դառնալը եւ կը յիշեցնէ Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու հանդիպման մը կարեւորութիւնը, նկատի առնելով շրջանէն ներս ստեղծուած կացութիւնը: Յայտարարութիւնը նաեւ կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբացման, եւ կոչ կ՛ուղղէ եկեղեցիներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու յիշեալ կարեւոր դէպքերուն:

Վեհափառը հանդիպման ընթացքին շեշտեց, թէ յիշեալ կառոյցը Միջին Արեւելքէն ներս անհրաժեշտ է վերակազմակերպել, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները: Կաթողիկոսը նաեւ յոյժ կարեւոր նկատեց Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը 1965ին Ատիս Ապեպայի մէջ գումարուած համագումարին նման, որպէսզի լայնօրէն քննարկուին մեր եկեղեցիները յուզող հարցերը: Նկատի ունենալով Էրիթրիոյ եւ Հնդկաստանի քոյր եկեղեցիներու ներքին դժուարութիւնները, հոգեւոր պետերը յարմար նկատեցին յիշեալ հանդիպումը կայացնել յառաջիկային՝ եկեղեցիներու դժուարութիւնները լուծելէ ետք:








All the contents on this site are copyrighted ©.