2015-03-23 13:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 մարտի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 22 մարտ 2015ի կէսօրին, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը­, քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն (Գլ 12) ուր Յիսուս կ՛ըսէ ''հասաւ ժամը եւ Մարդու Որդին պիտի փառաւորուի''։ ''Խաչին ժամը` ժամը սատանային` չարին իշխանի նահանջին եւ Աստուծոյ ողորմած սիրոյն յաղթանակին'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ Խաչին ժամը որ է պատմութեան ամենէ մթագոյն ժամը` է նաեւ փրկութեան ակնաղբիւրը­, բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան Անոր։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Յիսուսի ցորենի հատիկի մասին արտասանած խօսքերուն։ Հատիկը որ հողին մէջ կ՛իյնայ` կը մեռնի ու շատ արդիւնք կու տայ։ Յիսուսի մահը, նոր կեանքի անսպառ աղբիւր է որովհետեւ իր մէջ ունի Աստուծոյ վերակենդանացնող սիրոյ ուժը։ Այս սիրոյն մէջ մխրճուած, Մկրտութեան խորհուրդի միջոցաւ, քրիստոնեաները կարող են դառնալ ''ցորենի հատիկներ'' ու առատ պտուղներ տալ, Յիսուսի նման, իրենց կեանքը տալով Աստուծոյ եւ եղբայրներուն սիրոյն ի սպաս։ 

Ասոր համար,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, բոլոր անոնց որոնք կ՛ուզեն Յիսուսը տեսնել եւ բոլոր անոնց որոնք կը փնտռեն Աստուծոյ դիմագիծը եւ անոնց որոնք մանկութեան ընթացքին կրօնուսուցումի հետեւացան ու սակայն չի խորացուցին այդ վարդապետութիւնը ու բոոլոր անոնց որոնք տակաւին չհանդիպեցան Յիսուսին, կրնանք նուիրել երեք բան` Աւետարանը, խաչը եւ մեր հաւատքին վկայութիւնը` թէեւ աղքատ բայց անկեղծ։

Աւետարանին մէջ կրնանք հանդիպիլ Յիսուսին, մտիկ ընել Անոր ու ճանչնալ զինք։ Խաչը կը յատկանշէ Յիսուսի անհուն սէրը որ ինքզինք նուիրեց մեզի համար եւ ապա հաւատքը որ կը թարգմանուի եղբայրական սիրոյ պարզ շարժուձեւերու մէջ։

Մարիամ մեր Մայրը մեզի օգնէ հետեւելու Յիսուսին` խաչի եւ Յարութեան ճանապարհով։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Նափոլիի բնակիչներուն իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար ապա յայտնեց թէ այսօր կը նշուի ՄԱԿ-էն հաստատուած ''ջուրի համաշխարհային'' օրը։ Ջուրը կեանքի հիմնական տարր մըն է որմէ կախում ունի մարդկութեան ապագան։ կը քաջալերեմ միջազգային հասարակութեան յանձնառումը` հսկելու մոլորակի ջուրերուն վրայ որպէսզի պաշտպանուին եւ որպէսզի ոչ մէկը զերծ մնայ այդ բարիքէն։

Նորին Սրբութիւնը ապա յայտնեց թէ այս տարի եւս պիտի կրկնուի անցեալ տարուայ ''ժեստը'' հիմնուած Եկեղեցւոյ աւանդութեան վրայ, որ կը կայանայ քառասնորդացի շրջանի ընթացքին Աւետարանը նուիրել անոնց որոնք Ս. Մկրտութեան Խորհուրդին կը պատրաստուին։ Ասոր համար այսօր բոլոր անոնց որ հրապարակ կը գտնուին, կը նուիրեմ գրպանի Աւետարան մը որ ձրիօրէն պիտի բաժնուի Հռոմ ապրող անօթեւան մի քանի հոգիներու կողմէ։ Առէք զայն ու ձեր հետ տարէք, եւ ամէն  օր կարդացէք զայն։ Աստուծոյ Խօսքը մեր ուղեւորութեան համար Լոյս է։ 

Բարի Կիրակի եւ մի մոռնաք աղօթել ինծի համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.