2015-03-23 14:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապը Նափոլիի մէջ կը հանդիպի երիտասարդներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Նափոլի կատարած միօրեայ հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապը` 21 մարտի յետմիջօրէի ժամը 3-ին, մեծարելէ ետք սուրբ Կեննարիոսի մասունքները, Նափոլիի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ թեմական կղերին հետ, ու անոնց ուղղած սրտի խօսքին մէջ կեդրոնացաւ ''Տիրոջմէ կանչուած ըլլալու անակնկալի'' ուրախութեան վրայ, եւ այդ կոչման մէջ եղբայրական ապրումի գեղեցկութեան, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի ընկերանալու առաքելութեան ու այս ուղղութեամբ յատկապէս ընտանիքներու թիկունք կանգնելու ծառայութեան։

Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ կրօնաւորական կեանքի կեդրոնը հանդիսանալու միշտ Յիսուսը ու հրաւիրեց ներկաները խոնարհութեամբ եւ պարզութեամբ վկայելու թէ նուիրական կեանքը թանկարժէք պարգեւ մըն է եկեղեցւոյ եւ աշխարհին ու ապա քաջալերեց յառաջ ընթանալ, խրախուսուած սիրով `հանդէպ Տիրոջ ու սուրբ մայր Եկեղեցւոյ։

Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 16.15-ին Յիսուսի  նուիրուած պազիլիքային մէջ հանդիպում ունեցաւ հիւանդներուն հետ  հուսկ ուղղուեցաւ  նափոլիի Քարաչչոլօ ծովեզերեան տարածք ուր ժամը 17-ին, երիտասարդներուն հետ հանդիպումով եզրափակեց Նափոլի կատարած միօրեայ հովուական այցելութիւնը։

Երիտասարդներուն հետ հանդիպումի յայտագիրը սկիզբ առաւ ժամը 15,30-ին որպէս կեդրոնական նիւթեր ունենալով` ''Հացի անօթութիւն, արդարութեան ծարաւ, եւ ապագայի ծարաւ''։ Տեղի ունեցան գեղարուեստական ներկայացումներ եւ զանազան վկայութիւններ ինչպէս նաեւ 7 նուագախումբերու կատարողութիւններ։

Սրբազան Հայրը ''Քարաչչոլօ'' ծովեզերեան տարածք ժամանեց 17,20 անց եւ ընկալուեցաւ  բազմահազար երիտասարդներու խանդավառ աղաղակներով։

Բեմ բարձրանալուն Սրբազան Քահանայապետին հարցումներ ուղղեցին` երիտասարդ մը, 94 ամեայ տարեց տիկին մը եւ ամուսնացեալ զոյգ մը։ Հուսկ խօսք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, մէկդի դնելով այս առիթով պատրաստած գրաւոր ճառը։ Ան ուզեց իսկական երկխօսութիւն հաստատել այնտեղ համախմբուած 100 հազարէ աւելի  հաւատացեալներուն հետ, յատկապէս անդրադառնալով ''գործազրկութեան'' երեւոյթին։ ''Այն ընկերութեան մէջ ուր աշխատանքը կը պակսի` ապագայ չկայ'' – ըսաւ Սրբազան Հայրը դատապարտելով ''մնացորդացի'' մշակոյթը ու հաստատելով թէ սէրն ու գուրգուրանքը ամենամեծ դեղերն են տարեցներուն համար։

Սրբազան Հայրը հուսկ դատապարտեց ''ճենտերի'' տեսութիւնը որ խառնաշփոթ է - ըսաւ Ան, խրատելով ընտանիքները ''վիճաբանել որքան որ կ՛ուզենան. Սակայն օրը չվերջացնել առանց հաշտութեան''։ Երկու հոգի էք ''ես''ը ամուսնական կեանքին մէջ վաւեր չէ։ Վաւեր է միայն ''մենք''ը, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ հանդիպումը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելիով բոլորին` գեղեցիկ վկայութիւններուն համար, ապա խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։ Աղօթեն երիտասարդներուն համար խրախուսելով երիտասարդները չկորսնցնել երբեք յոյսը ու ընթանալ միշտ դէպի յառաջ եւ տարեցներէն խնդրեց կեանքի իմաստութիւնը զարգացնեն։ Ազգ մը որ հոգ չի տանիր երիտասարդներուն ու չի խնամեր տարեցները առանց ապագայի ազգ մըն է­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ։

''Այժմ հրաժեշտ կ՛առնեմ Նափոլիէն որովհետեւ Հռոմ պիտի վերադառնամ։ Ձեզի կը մաղթեմ ամէն բարիք եւ Տիրամայրը ձեզի ընկերանայ'' ըսաւ Քահանայապետը նախ քան հռոմ վերադարձը։








All the contents on this site are copyrighted ©.