2015-03-23 14:42:00

Սուրիոյ եպիսկոպոսներու ժողովը Հոմսի մէջ:


(Ռատիօ Վատիկան)  Սուրիոյ եպիսկոպոսները սովոր են տարին երկու անգամ հանդիպիլ,  միասնաբար խորհրդածելու համար տանելիք հովուական աշխատանքին մասին ու կարգաւորելու կարիքաւորներու սնունդի բաշխումը երկրի մը մէջ որ չորս տարիէ ի վեր ընդհարումի մէջ կը գտնուի։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթասկիզբը Հոմս քաղաքին մէջ, եւ որուն մասնակցեցան Մելքիթներու եւ Ասորիներու պատրիարքները, կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկան 14 եպիսկոպոսապետեր եւ առաքելական դեսպանը` գերապայծառ Մարիօ Զենարին, ինչպէս նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին ընդհանուր քարտուղարը` արքեպիսկոպոս Cyril Vasilը, որ  ժողովականներուն ներկայացուց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մօտիկութիւնը ու առաքելական օրհնութիւնը։

Եպիսկոպոսներու միջամտութիւններէն ի յայտ եկաւ Սուրիոյ կաթողիկէ հասարակութեան կրած տառապանքը ու անոր հերոսական կեանքի ապրումներն ու վկայութիւնը։

Մելքիթ պատրիարքի գնահատումով  Սուրիոյ  եկեղեցին իրապէս արժանի է գնահատանքի ու փառքի, քանի հակառակ ապրած ցաւին ու տառապանքին կարողացաւ օգնութեան հասնիլ աւելի քան 300.000 սուրիացիներու։ Քաղդէացիներու առաջնորդ` գերապայծառ  Օտօ` նախագահը Սուրիոյ Քարիթասին ըսաւ թէ բարեսիրական կազմակերպութիւնը  կարողացաւ բաշխել աւելի քան 5 միլիոն եւրօ,  ամոքելով բազմաթիւ ընտանիքներու տառապանքն ու մտահոգութիւնը։

Նշենք որ Սուրիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսները Հոմս քաղաքը ընտրեցին դրսեւորելու իրենց հոգատարութիւնը հանդէպ նահատակ քաղաքին։ Եպիսկոպոսները մեծապէս գնահատած են իրենց քահանաներն ու կրօնաւորները , որ հակառակ դժուարութիւններուն, իրենց առաքելավայրերը կը մնան առաջնորդելու ու գօտեպնդելու Աստուծոյ ժողովուրդը Յիսուսի հաւատքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.