2015-03-21 13:59:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Փոմփէի եւ Նափոլիի հովուական այցը։


(Ռատիօ Վատիկան)    Շաբաթ` 21 մարտ 2015–ի առաւօտեան ժամը 7-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, միօրեայ հովուական այցելութեամբ, ուղղաթիռով մեկնեցաւ վատիկանէն ուղղուելով դէպի Փոմփէի եւ Նափոլի քաղաքները։

Նորին Սրբութիւնը Փոմփէի մարեմեան սրբավայր ժամանեց 8-ին, ուր զինք դիմաւորեցին Փոմփէի արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Թոմմազօ Քափութօն եւ Փոմբէի քաղաքապետ Տիար Նանտօ Ուլիանոն։

Քահանայապետը ապա ինքնաշարժով ուղղուեցաւ Սրբավայր  ուր պահ մը աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ։ Աղօթքին աւարտին Սրբազան Հայրը հակիրճ խօսք մը արտասանեց ներկաներուն ըսելով` ''Շատ շնորհակալ եմ այս ջերմ ընդունելութեան համար։ Միասնաբար աղօթեցինք Տիրամայրը որպէսզի մեզ բոլորս օրհնէ, ձեզ, ինձ ու համայն աշխարհը։ Մենք Տիրամօր կարիքն ունինք որպէսզի մեզ պահպանէ…աղօթեցէք ինծի համար։ Մի մոռնաք։ Այժմ ամէնքս միասին Տիրամօր աղօթենք ''ողջոյն քեզ''ը ու ապա ձեզի կը շնորհեմ իմ օրհնութիւնս։

Աղօթքէն եւ առաքելական օրհնութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղաթիռով ուղղուեցաւ հովուական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան` Նափոլի։

Ֆրանչիսկոս Պապը փոխադրող ուղղաթիռը վայրէջք կատարեց Սքամփիա թաղամասի մարզադաշտը,  ուր Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Նափոլիի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Քրէշենցիօ Սեփէ, Քամբանիա նահանգի նախագահ` Տիար Սթեֆանօ Քալտորոյի, Նափոլիի քաղաքապետ Տիար Լուիճի Մաճիսթրիս եւ ոստիկանապետ` Տիար Ճերարտօ Մարիա Փանթալոնէ։ Սրբազան Հայրը ապա ուղղուեցաւ  Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետ անուամբ հրապարակը ուր խուռներամ բազմութիւն մը զինք դիմաւորեց ծափողջոյններով եւ ուրախութեան աղաղակներով։ Յայտնենք թէ Սքամփիա թաղամասը նկատուած է որպէս ''դժուար'' թաղամաս որ կը գտնուի Նափոլիի արուարձաններու մէջ, ուր ''մաֆիական'' խումբեր կը գործեն եւ որ երկար տարիներու ընթացքին լքուած էր իրեն բախտին։

Յատկանշական էր առ այդ որ Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց այս վայրէն սկսիլ իր հովուական այցելութիւնը, ինչպէս շեշտեց Կարդինալ Սեփէն իր ողջոյնի խօսքին մէջ։

Նորին Սրբութեան ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին ապա տեղւոյն ընկերային զանազան դասակարգի պատկան ներկայացուցիչներ հուսկ խօսք առաւ Սրբազան Հայրը որ ներկաներուն արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ուզեցի այստեղէն այս արուարձանէն սկսիլ,  Նափոլիի իմ այցելութիւնս։ Ձեզ բոլորդ կ՛ողջունեմ այս ջերմ ընդունելութեան համար, կ՛ողջունեմ ձեր Արքեպիսկոպոսը եւ բոլոր անոնք որ ինծի խօսք ուղղեցին։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Նափոլիի իրողութեան որ դժուար եղած է ու սակայն երբեք տխուր չէ եղած. ''Այս է ձեր հարստութիւնը` ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ աւելցուց` ''Այս քաղաքը գիտէ միշտ վերականգնիլ ու այնպէս ընել որ չարը չի յաղթահարէ։ Ասիկայ յոյս է ու մեծ ժառանգութիւն''։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց իրեն ուղղուած հարցումներուն հաստատելով թէ գաղթականները երկրորդ դասակարգի անհատներ չեն եւ թէ ամէնքս Աստուծոյ` հաւասար զաւակներ ենք։ Ապա խօսելով ''գործազրկութեան'' մասին մատնանշեց թէ երիտասարդներու 40 առ հարիւրը գործազուրկ են ու այս մէկը վերագրեց ''տնտեսական'' համակարգին որ  կը մեկուսացնէ անհատները անտեսելով անոնց արժանապատուութիւնը։ Երբ աշխատանքը պակսի կը պակսի նաեւ արժանապատուութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա խօսեցաւ շահագործումի եւ կաշառակերութեան մասին ընդգծելով դաստիարակութեան կարեկրութիւնը­, նոր սերունդին փոխանցելու համար ճշգրիտ սկզբունքներ, այնպէս ինչպէս ըրին շատ մը սրբակեաց անձեր։

Սիրելի բարեկամներ իմ ներկայութիւնս կ՛ուզէ հանդիսանալ յոյսի զարկերակ, վերածնունդի եւ վերակազմակերպումի ի գործ դրուած ընթացքին։ Քաջատեղեակ եմ տեղական Եկեղեցւոյ առատաձեռն յանձնառումին ու անոր նուիրական աշխատանքին ի սպաս Սքամփիայի հասարակութեան. Կը քաջալերեմ  քաղաքական իշխանութիւնները որպէսզի թիկունք կանգնին բնակչութեան, նա մանաւանդ այս տագնապալի ժամանակաշրջանի ընթացքին։ Բարի քաղաքականութիւնը անհատներու ի սպաս ծառայութիւն մըն է եւ սիրոյ, ծառայութեան եւ ողորմութեան ամենաբարձր արտայայտութիւն։

Նափոլին միշտ պատրաստ է վերակենդանանալու, ուժը դնելով հազար փորձանքներէ վերապրած յոյսի մը վրայ, որուն արմատը կը գտնուի նոյնինքն Նափոլիթանցիներու ինքնութեան ու անոնց հոգեւորականութեան մէջ։ 

Մի թողուք որ ձեզմէ խլեն ձեր այս թանկարժէք գանձը – ըսաւ Քահանայապետը – Մի թողուք որ ձեզմէ գողնան հաւատքն ու ձեր բարութիւնը։  Ան ապա բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ ամէն անհատի յանձնառումին, ընտանիքներու միութեան, արդարութեան ճանապարհի ընթացքին, կրօնուսոյցներու ու դաստիարակներու առաքելութեան համար ու յատկապէս երիտասարդներուն` որպէսզի կարենան քաջութեամբ պայքարիլ չարին դէմ եւ վախ չունենան աւելի լաւ աշխարհի մը երազը իրականացնելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.