2015-03-21 14:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Սուրբ Պատարագը Նափոլիի մէջ։


Շաբաթ, 21 մարտին, Իտալիոյ Նափոլի Քաղաքին կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, առաւօտեան ժամը 11,00ին, Ֆրանչիսկոս Պապը  Փլէպիշիթօ  հրապարակի վրայ  մատուցեց բացօթեայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը։

Նախ քան սուրբ Պատարագի արարողութինը  Նորին Սրութիւնը ողջունեց  իր հետ գտնուող համապատարգիչ եպիսկոպոսները, զանազան  այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի Կառավարիչ Տիար Քուօմօ  ու անոր ընտանիքը։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապը  բարձրանալով հրապարակին վրայ զետեղուած բեմը  օրհնեց Տիրամօր նուիրուած Անարատ Յղութեան սրբապատկերը։

Սուրբ Պատարագի ընթացին արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանելով օրուան

Աւետարանական ընթերցումը քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն (7, 37-39) ուր Յիսուս կ՛ըսէ ՝՝Եթէ մէկը ծարաւի է, թող ինծի գայ եւ թող խմէ՝՝ . Ֆրանչիսկոս Պապը յարեց  թէ Աստուծոյ խօսքը՝ երէկ եւ այսօր բաժանումներու  պատճառ կը  հանդիսանայ՝ ընդմէջ  Անոր  խօսքը ընդունողներու եւ զայն մերժողներու միջեւ։  Երբեմն՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը, մեր սրտերուն մէջ ներքին հակասութիւններ կ՝ապրինք,  ասիկա կը պատահի երբ կը նշմարենք հրապոյր մը, Յիսուս խօսքի գեղեցկութիւնն ու շքեղութիւնը, բայց՝ միաժամանակ զայն կը մերժենք  որովհետեւ դժուար կը թուի զայն իրագործելը։

՝՝Այսօր՝ Նափոլի եկայ  միասնաբար հռչակելու,  թէ  Յիսուս Տէրն է, եւ  ոչ ոք կրնայ խօսիլ Իրեն նման։ Ան ունի ողորմութեան պատգամը՝ մեր վիրաւորուած սրտերուն ապաքինման կարողութիւնը։ Անոր խօսքը յաւերժական  եւ հզօր է։Քրիստոսի խօսքը չ՝ունի  աշխարհի ուժը.  Այլ՝ Աստուծոյ, որ խոնարհութեան եւ տկարութեան մէջ զօրեղ է։ Սիրոյ ուժ, որ չի ճանչնար սահմաններ  ։Քրիստոսի Խօսքը կ՝ուզէ հասանելի ըլլալ ամենուրեք, յատկապէս անոնց, որոնք կ՝ապրին գոյութենական արուարձաններուն մէջ, որպէսզի Քրիստոս անոնց կեդրոնը հանդիսանայ եւ ըլլայ  Յոյսի ակնաղբիւրը։

Նորին Սրբութինը ապա անդրադառնալով Քառասնորդաց շրջանին,  յարեց ՝՝մինչ կ՝ընթանանք դէպի Սուրբ Զատկուայ տօնին, բովանդակ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ կը վերանորոգուի յոյսը՝ յարութիւն առնելու Քրիստոսի մեր Փրկչին հետ'' ապա աւեցուց  ՝՝Թող Յարութեան շնորհքը ընդունուած ըլլայ իւրաքանչիւրին մէջ, որպէսզի Նափոլի քաղաքը լեցուի՝Քրիստոսի Յոյսով''։

Սիրելի Նափոլէթանցիներ թոյլ մի տաք որ ձեր ունեցած յոյսը ձեզմէ  խլուի – հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզին աւարտին իր աղօթքը ապահովեցուց նափոլիի բնակիչներուն, որոնք Հոգեկան, մշակութային եւ մարդկային հարստութիւն ունին։

Աստուած՝ մեր ուրախութեան , բանականութեան եւ յոյսի աղբիւրը , կը բնակի մեր քաղաքներուն մէջ։ Աստուած ՝կը բնակի Նափոլի քաղաքին մէջ՝՝ ըսաւ Քահանայապետը

ներկաներուն վրայ հայցելով Աստուծոյ շնորհքները ու անոնց տալով   Իր առաքելական օրհնութիւնները  որպէսզի ամրապնդուին հաւատքի մէջ։

Սուրբ Պատարագի Աւարտին, Տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում, եւ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիհ մը նուիրեց Կարդինալ Սէփէին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.