Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի անց հայաստանցի ուխտաւորները հնարաւորութիւն պիտի ունենան Սուրբ Զատիկը նշելու Վանի Ախթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Նարեկավանք Թուր» ընկերութեան համահիմնադիր Արմէն Յովհաննիսեանը:
Արմէն Յովհաննիսեանի խօսքով` «Նարեկավանք Թուրը» Սուրբ Զատիկը Ախթամարի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նշելու համար յատուկ ուխտագնացութիւն կը կազմակերպէ: «Ապրիլ 5-ին պիտի ապահովենք հայերու ներկայութիւնը Վանի Ախթամար կղզիին վրայ: Պատարագ պիտի չմատուցուի, քանի որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը տարին մէկ անգամ պատարագ կը մատուցէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ` Սեպտեմբերի 2-րդ Կիրակի օրը: Պատարագ չի մատուցուիր, սակայն աղօթք պիտի ըլլայ»,- ըսաւ Արմէն Յովհաննիսեանը` շեշտելով, որ Ապրիլին քիչ թիւով հայեր պիտի ըլլան Ախթամարի մէջ:
Անոր խօսքով` այդ ժամանակ Ախթամար կղզիին վրայ կարելի է հիանալ ծաղկած նշենիներով եւ կղզիին դիմաց դեռեւս ձիւնածածկ Տաւրոսի լեռնաշղթայով:
Արմէն Յովհաննիսեան յիշեցուցած է, որ Սուրբ Զատիկին ուխտագնացութիւն կը կազմակերպեն նաեւ Իրանի մէջ գտնուող Սուրբ Թադէի եւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի եկեղեցիներ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |