ՄԱԿ-ի քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ՄԱկ-ի մօտ կատարելիք այցելութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 15 սետպտեմբեր 2015ին։
Քարտուղարը՝ պատմական եւ կարեւոր նկատած է Ֆրանչիսկոս Պապի 2015 թուականի կատարելիք այցելութիւնը, որովհետեւ այս տարի ՄԱԿ-ը կը նշէ իր հիմնադրութեան 70 ամեակը որուն ընթացքին կազմակերպութեան անդամ երկիրները իրենց կարւեորագոյն որոշումները պիտի առնեն կլիմայի փոփոխութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան ի խնդիր։
Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը ՄԱկի այցելութեան ծիրէն ներս հանիդպումներ պիտի ունենայ ՄԱկի ընդհանուր քարտուղարին հետ ինչպէս նաեւ ելողթ պիտի ունենայ կազմակերպութեան ընթացիկ նիստին։
ՄԱԿ-ի Քարտուղար Պանք Քի Մուն, մաղթանք յայտնած է որ Ֆրանչիսկոս Պապի ՄԱԿ-ի այցելութիւնը ներշնչման աղբիւր հանդիսանայ միջազգային հասարակութեան՝ կրկնապատկելու համար ի գործ դրուած ջանքները մարդկային իրաւունքներու ապահովման եւ ընկերային արդարութեան ի խնդիր։
All the contents on this site are copyrighted ©. |