2015-03-21 13:55:00

Գերյարգելի Յովսէփ Պեզեզեան նոր վիճակաւոր Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 21 մարտ 2015-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունելով գերապայծառ Նշան Քարաքեհէեանի հրաժարականը Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքին վիճակաւորի պաշտօնէն, անոր տեղ նշանակեց գերյարգելի Յովսէփ Վրդ Պեզեզեանը­, առանց սակայն անոր շնորհելու եպիսկոպոսական տիտղոս։ Գերյարգելի Յովսէփ Պեզեզեան մինչեւ օրս  կը վարէր Հալէպի ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը։

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը, եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հաւանութիւնը ընդունելէ ետք եւ տեղեակ պահելէ ետք Սուրբ Աթոռը, ընդունեց Արհիապատիւ Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի հրաժարականը` Կ.Պոլսոյ թեմէն, իր յառաջացած տարիքին բերումով։

Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին վաւերացուց գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանի արքեպիսկոպոսի ընտրութիւնը Կ. Պոլսոյ թեմին,  հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու կողմէ։  Գերապայծառ Լեւոն Զհքիեանը նախապէս կը վարէր առաքելական Կառավարիչի պաշտօնը Կ.Պոլսոյ արքեպիսկոպոսական թեմին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.