2015-03-20 13:08:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գրաւոր ուղերձը Ճաբոնի եպիսկոպոսներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 20 մարտի առաւօտեան՝ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց ճաբոնի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն՝ անոնց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով եւ անոնց յանձնեց գրաւոր ուղերձը՝  շնորհակալութեան եւ գնահատանքի արտայայտութիւներով։

Սրբազան Պապը յիշեց մասնաւորապէս Սուրբ Ֆրանչիսկոս Քսաւեր, որ իր ընկերակիցներուն հետ միասին իր կեանքը նուիրած է՝ Ճաբոնի մէջ քարոզելու Քրիստոսի Աւետարանը։

Ճաբոնի մէջ եղած է շրջան մը, երբ բոլոր քարոզիչները եւ քահանաները երկրէն արտաքսուած էին։ Սակայն աշխարհական քրիստոնեաներ, կոչուած “ծածուկ հաւատացեալներ”՝ պահած են հաւատքը։ Անոնք իրենց աղօթքով եւ քրիստոնէականի ուսուցմամբ, ի հեճուկս մեծ վտանգներու եւ հալածանքներու՝ արծարծած են հաւատքը։

Քահանայապետը գնահատանքի խօսք ուղղեց քարոզիչներուն, որոնք տեղական քահանաներու, կրօնաւորներու ինչպէս նաեւ աշխարհականներու հետ միասին իրենց նպաստը կը բերեն թեմերուն։ Ան շեշտեց՝ որ Սուրբ Աւետարանի տարածումը մեզմէ իւրաքանչիւրին պատասխանատուութիւնն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ աննկատ չի թողուց քրիստոնեայ համայնքի մատուցած ծառայութիւնները՝ ըլլա´յ ընկերութեան մէջ եւ կամ ի նպաստ խաղաղութեան՝ յիշելով նաեւ յետպատերազմեան տարիները եւ Հիրոշիմա ու Նաքազաքիի արհաւիրքը։

Սրբազան Քահանայապետը յանձնարարեց, որ եպիսկոպոսները սերտօրէն աշխատին իրենց քահանաներուն հետ եւ տրամադրեն անոնց հարկաւոր միջոցները՝ որպէսզի անոնք ունենան պէտք եղած ժամանակը եւ ազատութիւնը՝ իրենց յանձնուած հօտին ծառայութեան համար։ Ան յորդորեց՝ որ եպիսկոպոսները ըլլան հայր եւ եղբայր իրենց քահանաներուն համար՝ բաժնելով անոնց ուրախութիւնն ու դժուարութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց՝ թէ յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել ընտանիքներու քրիստոնէական դաստիարակութեան՝ սկսելով ամուսնութեան կամ պսակի պատրաստութեամբ եւ շարունակելով կեանքի բոլոր հանգրուաններուն՝ հարստացնելով ժողովրդապետութիւնները եւ տեղական եկեղեցին։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.