2015-03-20 12:25:00

Նափոլիի Սուրբ Գենարիոս Եպիսկոպոսը


(Ռատիօ Վատիկան) Գենարիոս Եպիսկոպոս Բենեւենտ (Benevento) քաղաքին՝ հայկական վարք սրբոցին մէջ կը յիշուի իբր «Սքանչելագործ վկայ Քրիստոսի՝ պարծանք Նէապօլսեցւոց – (Նափոլի)։»

Ապրած է Դիոկղետիանոս կայսեր ժամանակ՝ Գ. դարուն։ Երբ Դիոկղետիանոս քրիստոնեաները կը հալածէր, Սոսիոս Սարկաւագ, որ կը քարոզէր եւ «բազմօք նպաստ լինէր հաւատացելոց ի սրտապնդել զնոսա», կը կալանաւորուի եւ բանտ կը դրուի։ Ապա Դրակոնդիոս դատաւորին դիմաց կʼելլէ եւ մահուան կը դատապարտուի։ Հաւատացեալներ, որոնք Սոսիոս Սարկաւագի այցելութեան կու գան, նոյնպէս կը բանտարկուին։ Տիմոթէոս անունով անձ մը նոր դատաւոր կը կարգուի այդ շրջանին. անձ մը՝ քրիստոնեաներու դէմ սաստիկ ատելութեամբ լեցուած։ Տիմոթէոս դատաւորը երբ կʼիմանայ, թէ Գենարիոս Եպիսկոպոսը  քրիստոնեաներու առաջնորդն է, կը կանչէ զայն եւ կը փորձէ համոզել՝ որ ուրանայ իր հաւատքը։ Դատաւորը Գենարիոսի համարձակութիւնը եւ քաջութիւնը կը վերագրէ կախարդական ոյժերու։ Սակայն Գենարիոս կը դաւանի իր հաւատքը ըսելով՝ թէ Աստուած է իր զօրութեան աղբիւրը։

Դատաւորը կը հրամայէ Գենարիոսը կրակի մէջ սպաննել։ Սակայն Ս. Գենարիոս հրաշքով անվնաս կը մնայ կրակին մէջ։ Երբ դատաւորը այս կը լսէ՝ կը դիմէ աւելի դաժան միջոցներու կարենալ բեկանելու համար սուրբին կամքը եւ խորտակելու անոր հաւատքը։ Նաեւ Փեստոս Սարկաւագ եւ Դեսիդերիոս Ընթերցող՝ երբ կը փորձեն այցելել Ս. Գենարիոսը՝ բանտ կը նետուին։

Դատաւորը կը ծրագրէ բոլորը միասին կրկէսի մէջ գազաններու դիմաց հանել։ Սակայն գազանները հեռու կը մնան դատապարտեալներէն եւ ներկայ ժողովուրդը կը սկսի բանտարկեալներուն նկատմամբ համակրանք ցուցաբերել։ Այն ժամանակ դատաւորը վախնալով՝ կը դադրեցնէ կրկէսի «խաղերը» եւ գլխատել կու տայ զանոնք՝ 305 թուականի սեպտեմբեր 19ին։

Հայկական վարք սրբոցը կը գրէ՝ «Իսկ եթէ քանի՞ սքանչելեօք փառաւորեաց Աստուած զնշխարհս սրբոյ գենարիոսի ի Նէապօլիս ի ժամանակէ անտի մինչեւ ցօրս ցայս, անմարթ է ընդ գրով արկանել։»

Սուրբ Գենարիոսի արիւնէն մաս մը, որ հաւատացեալները անմիջապէս սրուակի մը մէջ կը լեցնեն՝ ըստ աւանդութեան՝ կը պահուի մինչեւ այսօր Նէապօլսոյ՝ Նափոլիիի աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եկեղեցիին մօտ կը գտնուի։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Գենարիոսի հետ միասին քաղաքի պաշտպան սուրբերէն մէկն է։

Մինչեւ այսօր, տարին երեք անգամ Ս. Գենարիոսի արեան մասունքը՝ պահուած փոքր սրուակին մէջ, թափօրով եւ աղօթքով ժողովուրդին յարգանքը կʼ ընդունի եւ այդ թուականներուն կը կատարուի նաեւ հրաշք մը։ Սրուակին մէջի արիւնը, որ թանձր եւ անշարժ վիճակի մէջ է, հեղուկ վիճակի կը վերածուի, հոսելով կամ «եռալով» սրուակին մէջ, զոր քաղաքին առաջնորդ եպիսկոպոսը կը ցուցադրէ ժողովուրդին։

Ըստ աւանդութեան Ս. Գենարիոս նահատակուած է 35 տարեկանին։ Մասունքները 431 թուականին փոխադրուած են Նափոլի քաղաք, եւ 472 թուականէն սկսեալ նահատակ եպիսկոպոսը նկատուած է իբր քաղաքի պաշտպան սուրբը։ Արդէն նահատակութենէն անմիջապէս վերջ՝ ժողովուրդի կողմէ իբր մեծ սուրբ մը յարգուած է։ 1586 թուականին Սիստոս Ե. քահանայապետը զայն պաշտօնապէս կը սրբադասէ։

Թ. – ԺԵ. դարերուն մասունքը ունեցած է «արկածախնդրական» ճանապարհ մը, նոյնիսկ իբր աւար իյնալով քաղաքի թշնամիներուն ձեռքը։

Ս. Գենարիոսի տօնը եւ մասունքի յարգանքը Նափոլիի մէջ՝ տարին երեք անգամ կը կատարուի։ Նախ մայիս ամսուան առաջին շաբաթ օրը, երկրորդ սեպտեմբեր ամսուան 19ին, որ սուրբին նահատակութեան օրն է, եւ վերջապէս դեկտեմբերի 16ին, որ Ս. Գենարիոսի տօնն է՝ յատկապէս իբր քաղաքի պաշտպան սուրբը։

Արեան մասունքը քանի մը անգամ ենթարկուած է գիտական հետախուզումներու։ Վերջին մասնագիտական քննութիւնը կատարուած է 1988 թուականին։

Սուրբ Աթոռը մասունքի վաւերականութեան մասին պաշտօնապէս արտայայտուած չէ։ Լոկ 1966 թուականին՝ Պօղոս Զ. քահանայապետը խօսքը ուղղելով Նափոլիէն հասած ուխտաւորներու կʼըսէ «Ինչպէս որ սուրբին արիւնը ամէն տօնի կʼեռայ, նոյնպէս Նափոլիի ժողովուրդին հաւատքը պէտք է կրկին եռայ, վերածաղկի եւ հաստատուի։»








All the contents on this site are copyrighted ©.