2015-03-20 11:39:00

''Միջին արեւելքի կրօնաւորներն ու կղերը'' ընկերակցութեան Աղօթքի հսկումը Հռոմի մէջ։



Հինգշաբթի, 19 մարտի, երեկոյեան ժամը 6.00ին, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի կից գտնուող Սուրբ Նիկողայոսի եկեղեցւոյ մէջ, նախաձեռնութեամբ՝ ''Միջին արեւեքի կրօնաւորներու եւ կղերի՝՝ ընկերակցութեան, տեղի ունեցաւ աղօթքի հսկում առ ի պատրաստութիւն Յիսուսի Սուրբ Յարութեան` Զատկուայ տօնին, բարձր հովանաւորութեամբ արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Սանտրիին։
Նշենք, թէ վերոնշեալ ընկերակցութիւնը հիմնուած է 1979ին, եւ անոր  նախագահն է Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի փոխ տեսուչ Հայր Գրիգոր Վրդ Պատիշահ։
Կարինդալ Սանտրի այս առթիւ իր ունեցած ելոյթին մէջ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ խաւար կացութեան, յանձնարարեց ներկաները վառ պահելու իրենց հաւատքի ճրագները, Ապա խրախուսեց կղերականները փոխանցելու Տիրոջ չարչարանքի հուրն ու սէրը, կորսուած եւ խաւարի մէջ գտնուող մարդոց, նշելով թէ ''այս մէկը կատարելու համար հնարաւոր է թոյլ տալ Աստուծոյ որ մեզ գտնէ, բուժէ եւ լուսաւորէ''։
Կարդինալը ապա ակնարկելով Հռոմի մէջ գտնուող կղերականներու կազմաւորման շրջանին, յարեց թէ այս ժամանակաշրջանին անոնք պէտք են մշակել իրենց մէջ իղձը վերադառնալու իրենց երկիրները, օգնութեան հասնելու եւ ծառայելու բոլորին, սկսեալ իրենց Պատրիարքներէն եպիսկոպոսներէն եւ մինչեւ յետին հաւատացեալը, հաւատարիմ մնալով իրենց առաքելութեան եւ վկաները հանդիսանալով Յիսուս Քրիստոսի` կենդանի Աւետարարնին։
Կարդինալը իր պատգամի աւարտեց, ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապի Կողմէ հռչակուած յոբելինական ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուոյն, գոհութիւն յայտնելով առ Աստուած, Ֆրանչիսկոս Պապին այս թանկագին պարգեւին համար։




 








All the contents on this site are copyrighted ©.