«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ ըստ ՄԱԿ-ի, ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը մեղաւոր է ցեղասպանութեան եւ այլ զինուորական յանցագործութիւններու համար:
Երէկ Ժընեւի մէջ ներկայացուած ՄԱԿ-ի զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, որ կրօնական փոքրամասնութեան` Իրաքի եզիտիներուն դէմ պարբերական յարձակումները անհրաժեշտ է որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ ՏԱՀԵՇ-ի նպատակն է ոչնչացնել եզիտիները, կը նշեն փորձագէտները, որոնք ժիհատականներու յարձակումներէն վերապրած աւելի քան 100 ականատես հարցաքննած են: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները սպաննած են հարիւրաւոր եզիտի տղամարդիկ, առեւանգած են 8-15 տարեկան մանչեր, պարտադրած անոնց իսլամութիւն ընդունիլ եւ զինուորական պատրաստուածութեան հետեւիլ:
Ժիհատականները կիները եւ աղջիկները բռնաբարած են եւ ստիպած զբաղիլ մարմնավաճառութեամբ:
Զեկուցումի հեղինակները կոչ ուղղած են Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանին զբաղելու եզիտիներու ցեղասպանութեան խնդիրով:
Միեւնոյն ժամանակ փորձագէտները կը նշեն, որ ժիհատականներու զոհ կը դառնան նաեւ այլ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններ Իրաքի մէջ, մասնաւորաբար` քրիստոնեաները:
Զեկուցումը պատրաստուած է Իրաքի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ կը ներառէ յունիս 2014-էն փետրուար 2015 երկարող ժամանակաշրջանը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |