2015-03-20 12:20:00

Ճափոնի Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան)    Ճափոնը որ ծովային երկիր է, ունի շատ իւրայատուկ պատմութիւն, որ սկիզբ ունեցած է  հնագոյն ժամանակներէն։ Երկրի բնակչութեան 99 տոկոսը ճափոնցիներ են. անոնք հազուադէպ կը հեռանան իրենց հայրենիքէն, այդ պատճառով արտասահմանի մէջ կ՛ապրի բնակչութեան միայն 1 տոկոսը։

Կաթողիկէ եկեղեցին։

Ճափոնի կաթողիկէ եկեղեցին ունի երեք արքեպիսկոպոսական թեմեր եւ 13 ենթակայ թեմեր։ Ճափոնի կաթողիկէ եկեղեցին նկատուած է որպէս օտար եւ անոր հասարակութիւնը հալածուած ու գաղտնօրէն ապրած է։  Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահն է գերապայծառ Peter Takeo Okada, Թոքիօ թեմի առաջնորդը։ Իսկ առաքելական դեսպանն է` արքեպիսկոպոս Joseph Chennoth։

Քրիստոնէութիւնը Ճափոն մուտք գործեց 16-րդ դարուն։ Անոր առաջին առաքեալը եղաւ սուրբ Francesco Saverio` (15 օգոստոս 1549) եւ անոր ընկերացող  յիսուսեան ու ֆրանչիսկեան հայրերը։ Այս առաջին առաքեալները կարողացան 60 տարիներու մէջ կազմել ծաղկուն հասարակութիւն մը կազմուած մշակոյթը իւրացուցած տեղացիներով (շուրջ 300.000), այնպէս որ 1588-ին հիմնուած է ''Ֆունայ''  թեմը։ Դժբախտաբար քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը բնաջնջուեցաւ 16 եւ 17-րդ դարերու հալածանքին հետեւանքով։ Խումբ մը ճափոնցի քրիստոնեաներ կարողացան գաղտնաբար ապրիլ իրենց հաւատքը ու զայն փոխանցել իրենց զաւակներուն յաջորդող ութը սերունդներուն ընթացքին,  կեանք տալով (kakure kirishitan) պահուըտած քրիստոնեաներ յորջորջումին։ Այդ հասարակութիւնը գաղտնօրէն վերապրեցաւ մինչեւ Խաղաղականի պատերազմին աւարտին` 15 Օգոստոս 1945։ Անոնք սակայն միշտ նկատուեցան որպէս օտարամուտներ։ 50ական թուականներուն եւ մասնաւորապէս վատիկանեան Բ տիեզերական Ժողովէն ետք, 1962-1965,  նոր առաքեալներ Ճափոն հաստատուեցան, շնորհիւ Աւետարանի պատշաճեցումին տեղական մշակոյթին, տեղական կղերին կազմաւորումին եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի առաքելական այցելութեան `1981-ին, որ նոր խթան մը տուաւ Ճափոնի եկեղեցւոյ։

Ներկայիս Ճափոնի կաթողիկէ եկեղեցին կը  ներկայացնէ փոքրիկ հասարակութիւն մը յարգուած բազմաթիւ դարերու հալածանքէն ետք։ Կաթողիկէ եկեղեցին կը հաշուէ աւելի քան 444.441 հաւատացեալ բնակչութեան 0,3 տոկոսը։ 2012-ին տուեալներու համաձայն Ճափոնի եկեղեցին կը հաշուէ 27 եպիսկոպոս, 1.422 կուսակրօն քահանաներ, 1.500 մնայուն սարկաւագներ, 900 կրօնաւորներ, 5.568 կրօնաւորուհիներ։ Միշտ 2012-ին կնքուեցան 5.695 երախաներ եւ ս. Պսակը ընդունեցան 2.082 զոյգեր։

Հայերը Ճափոնի մէջ։

Հայերը Ճափոն եկած են 19-րդ դարու 2-րդ կէսէն։ Այստեղ գործած են հայկական առևտրական հաստատութիւնները։ Վերջինս գործած է Անահիտ Աբգարեանի և անոր որդիի ղեկավարութեամբ։ Անահիտ Աղաբեկեան-Աբգարեանը 1920 թ-ին նշանակուած է Հայաստանի հիւպատոս Ճափոնի մէջ։ Ան Հայ դատի մասին յօդուածներով պարբերաբար հանդէս եկած է Ճափոնի անգլալեզու մամուլին մէջ, օգնած է հայ գաղթականներուն։

Ներկայիս Ճափոնի մէջ կը բնակի 100 հայ ընտանիքներ հիմնականի մէջ Թոքիօ։ Կը գործէ հայագիտական կենտրոն, տարեկան 7-8 անգամ լոյս կը տեսնէ  «Արարատ» թերթիկը՝  հայերուվ և Հայաստանով հետաքրքրուող ճափոնցիներու համար։ Թոքիոյի մէջ կը գործէ է նաև ՀՀ դեսպանատունը։ Մշակոյթը - Ճափոնը հին ու զարգացած մշակոյթի երկիր է. ուշագրաւ են հին և ժամանակակից վարպետներու արուեստը։ Ճափոնը յայտնի է իր հրաշալի ճարտարապետական ու պատմական յուշարձաններով՝ Պուտտայի հսկայական արձաններով ու տաճարներով, մեհեաններով։








All the contents on this site are copyrighted ©.