2015-03-20 14:47:00

2015-ը՝ կրօնաւորական կեանքի տարի


Սուրբ Կուսութիւնը եւ ողջախոհութիւնը

Եկեղեցւոյ առաջին ժամանակներէն սկսեալ, Կուսութիւնը կը համարուէր մարմնոյն եւ հոգւոյն նուիրումը Աստուծոյ. այս կերպով սուրբ հայրերը մեկնած են միշտ Քրիստոսի խօսքն ու սուրբ Պօղոսին Վարդապետութիւնը: Ս. Կիպրիանոս կոյսերէն կը խնդրէ, որ քանի իրենք զիրենք Աստուծոյ նուիրած են « զգուշանան ամէն մարմնական հաճոյքէ, Աստուծոյ նուիրեն իրենց մարմինն ու հոգին .... ջանք չթափեն զարդարուելու եւ ուրիշներու հաճելի ըլլալու, Աստուծմէ զատ»:

                         Սուրբ Թովմաս եւ Ս. Բոնավենտուրա, կը սորվեցնեն թէ կուսութիւնը չի կրնար առաքինութեան տոկունութիւնը ունենալ, եթէ չհիմնուի զայն միշտ անաղարտ պահելու ուխտին վրայ:

                         Սուրբ Հայրերը, կատարեալ ողջախոհութեան այդ կապը, կամ ուխտը, Քրիստոսի եւ Հոգւոյն միջեւ հոգեւոր ամուսնութեան եղանակ մը կը համարին: Նա մանաւանդ անոնցմէ ոմանք, այդ ուխտին եղծումը բաղդատած են շնութեան հետ: Այս պատճառաւ, անոնք կը յորդորեն Կոյսերը` որ աւելի սիրեն իրենց Աստուածային Փեսան` քան փեսան, զոր պիտի սիրէին` եթէ պսակուած ըլլային, ու միշտ ներդաշնակեն իրենց մտածութիւններն ու գործերը Անոր կամքին համաձայն: «Ձեր բոլոր սրտով սիրեցէք, մարդոց որդիներուն ամենէն գեղեցիկը, կը գրէ անոնց Օգոստինոս: Դուք ամէն կարելիութիւն ունիք զայս ընելու, քանի որ ձեր սիրտը ազատ է ամուսնութեան կապերէն: Քանի որ պարտաւոր պիտի ըլլայիք մեծ սէր մը ցուցնել ձեր ամուսիններուն (եթէ ամուսնացած ըլլայիք), որքան աւելի պարտաւոր էք սիրել զՔրիստոս` որուն ի սէր հրաժարեցաք ամոգսին ընտրելէ: Դրոշմուած թող մնայ ձեր սրտերուն մէջ` Ան, որ ձեզի համար գամուեցաւ Խաչին վրայ»:

                         Քրիստոսի սէրն է միայն` որ կը մղէ կոյսը քաշուելու ու աւելի դիւրաւ սիրելու համար իր երկնային Փեսան, եւ ուժեղօրէն կը մղէ զինք` մինչեւ մահ, գործածելու իր բոլոր կարողութիւնները` ընկերոջ ի նպաստ բարեգործութիւններու համար:

                         Քրիստոսի բոլոր Հարսերը ընդգրկած են կուսութեան վիճակը, նմանելու համար Փեսային Քրիստոսի, որովհետեւ այդ վիճակը Քրիստոսի համանման կը դարձնէ կոյսերը: Քրիստոսի հանդէպ անոնց ունեցած վար սէրը, չէր կրնար գոհանալ միայն գորովի արտայայտութիւններով, այլ բացարձակ պէտք մը կը զգար յայտնուելու Անոր առաքինութիւններուն ընդօրինակութեամբը, եւ յատկապէս` մարդկային ազգի բարիքին եւ փրկութեան ամբողջովին նուրուած Անոր կեանքին հետեւողութեամբը: Ի վերջով քահանաները, կրօնաւոորները, ուխտեալ Քոյրերը եւ ամէն անոնք` որոնք այս կամ այն կերպով իրենց կեանքը ընծայած են Աստուծոյ ծառայութեան, կը պահեն կատարեալ ողջախոհութիւնը, որովհետեւ իրենց Երկնային Վարդապետն ալ Կոյս մնացած է մինչեւ մահ:

                         Կուսութեան եւ ողջախոհութեան գերազանցութիւնը աւելի բացայայտ պիտի երեւի, եթէ նկատի առնենք անկէ յառաջ եկած  բարիքներուն առատութիւնը: Ուստի յաջորդ հաղորդումին, պիտի անդրադառնանք Կուսութեան եւ կատարեալ ողջախոհութեան վսեմ արդիւնքներուն մասին, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Գիրգը « ծառը պտուղէն կը ճանչցուի»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.