2015-03-19 14:34:00

Մելքիթներու պատրիարքը ոչ կ՛ըսէ օտար զօրքերու միջամտութեան Սուրիոյ մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան)   Խելագարութիւն է մտածել օտար զօրքի միջամտութեան` փրկելու համար Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները։ Սուրիա ինքնավար երկիր մըն է, ունի օրինաւոր կառավարութիւն մը եւ որուն պարտականութիւնն է պաշտպանել իր քաղաքացիները։ Եթէ միջազգային հասարակութիւնը իրապէս կամքը ունի վերջ դնելու Սուրիոյ ողբերգութեան բաւարար է դադրեցնել պատերազմը, զէնքի բաշխումը ու ռազմավարութիւններու մշակումը, ըսաւ Գրիգոր Գ Մելքիթներու պատրիարքը։

Ան` անցեալ երկուշաբթի օրը, նախագահեց  աղօթքի հսկումին Դամասկոսի մէջ, որուն մասնակցեցան թէ կաթողիկէ թէ օրթոտոքս  հաւատացեալներ, երգելով մեղեդիներ ու ապաշխարութեան աղօթքներ բարձրացնելով ամենախնամ Աստուծոյ, ցոյց տալով որ քրիստոնեաները ճշմարիտ խաղասէրներ են։ Սուրիոյ պատերազմը նախաձեռնութիւնն է այլ ազգերու ու հզօր խումբերու։ Կոչ  կ’ուղղեմ աշխարհի քրիստոնեաներուն որպէսզի մէկ ձայնով ճնշում բանեցնեն Սուրիոյ խաղաղութեան ի սպաս։ Մինչ այն իսլամ ուսումնասէրներ` մտաւորականներ ու կրօնապետեր, բաց նամակով մը դատապարտեցին իսլամական պետութիւնը, որակելով զայն որպէս իսլամ կրօնքի դաւաճան։ Անոնց գնահատումով իսլամութիւնը չի նախատեսեր հալածանք քրիստոնեաներու դէմ  եւ կ՛արգիլէ անմեղներու սպանութիւնը։ Միւս կողմէ գերապայծառ Թոմազի`  ՄԱԿի մօտ մնայուն դէտը, Ժընեւի մէջ պահանջած է սուրիացի մանուկներուն ու պատանիներուն դաստիարակութեան հարկաւորութիւնը: Ամէնէն առաջ հարկաւոր է արձանագրել այդ երախաները որպէսզի իրաւական դիրք մը ունենան ընկերութեան մէջ։ Երկրորդ միջազգային հասարակութեան պարտականութիւնն է ճամբան հարթել խաղաղութեան վերահաստատումին - հաստատած է գերապայծառ Թոմազի։








All the contents on this site are copyrighted ©.