Ցաւակցական հեռագիր յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին։
(Ռատիօ Վատիկան) ''Թունիզի մէջ պատահած ահաբեկչական արարքը, անմարդկային, վայրագ ու անընդունելի է, որ պէտք է դատապարտել ամէն գնով'' յայտնեց Վատիկանի պետական քարտուղար` Կարդինալ Փարոլին Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ի լուր Թունիզի մէկ թանգարանի մը դէմ, ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ գործադրուած` ահաբեկչական արարքին, որ պատճառեց 22 մեռեալ որոնցմէ 4-ը իտալացի։ Վատիկանի պետքարտուղարը ապա կոչ ուղղեց յոյս յայտնելով որ ''Աստուծոյ անունով բռնութիւնները այլեւս չի կրկնուին''։
Ան հուսկ անդրադարձաւ Ողորմութեան սուրբ տարւոյն մատնանշելով թէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կ՛ըսէր թէ ''ողորմութիւնը Աստուծոյ դեղն է ի դէմ մարդկութեան չարութեան'' եւ յոյս յայտնեց որ այս դեղը` այս Սուրբ Տարւոյն ընթացքին լաւապէս օգտագործուի, որպէսզի բուժուին ընկերութեան բոլոր վէրքերն ու չարութիւնները։
Յայտնենք որ Կարդինալ Փարոլին, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, Թուինիզի արքեպիսկոպոս `գերապայծառ Իլարիօ Անթոնիացցոյին որուն մէջ յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին վճռակամ դատապարտումը` խաղաղութեան եւ կեանքի սրբութեան դէմ գործուած արարքներուն, ինչպէս նաեւ Անոր աղօթքի միութիւնը եւ աղերսը առ Աստուած` որպէսզի մխիթարութիւն եւ սփոփանք շնորհէ զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն ու քաջալերանք վիրաւորեալներուն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |