2015-03-18 14:51:00

Քաղդէացիներու Պատրիարքը մահմետական ծայրայեղ քարոզիչներուն դէմ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Քաղդէացիներու պատրիարք` գերերջանիկ Ռաֆայել Սաքօ, կառավարութենէն խնդրած է բանաձեւել օրէնք մը մահմետական ծայրայեղ քարոզիչներուն դէմ, որոնք հրապարակաւ թէ մզկիթներու մէջ կը քարոզեն ու կը քաջալերեն բռնութիւնը, վտանգի մատնելով խաղաղ համակեցութիւնը քաղաքացիներու միջեւ։ 

Պատրիարքը իր կոչին մէջ կը պաշտպանէ բազմազանութեան մշակոյթը ու քաղաքացիներու իրաւունքը որեւէ համայնքի որ պատկանին։

Անցեալ Կիրակի 15 մարտին, օրը խօսք առնելով կրօնական հարցերու կոմիտէին առջեւ ու ներկայութեամբ ազգային խորհուրդի նախագահին, ընդգծեց հարկաւորութիւնը խաղաղ համակեցութեան  իրաքցի համայնքներու միջեւ, պաշտպանելով այդ համայնքները որպէս երկրի ժառանգութիւն։ Կրօնապետերու պարտականութիւնն է  - ըսաւ Ան - պահպանել ու պաշտպանել այդ համայնքները, քարոզութեան միջոցաւ ու կրթական յայտագրերու միջոցաւ։ Պատրիարքը ընդգծեց հուսկ  կարեւորութիւնը ընդունելու զանազանութեան սկզբունքը` կրօնքի ու քաղաքական հաստատութիւններու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.