2015-03-18 14:50:00

Սուրիոյ խորհրդարանը մէկ վայրկեան լռութեամբ կը յարգէ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը


«Գանձասար» վկայակոչելով Սուրիոյ խորհրդարանի Դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 17 մարտ 2015-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամ խորհրդարանի հերթական նիստին ընթացքին իւրայատուկ խօսք մը արտասանած է, ուր բացարձակ զօրակցութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս սուրիահայութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապակցութեամբ, եւ ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս հրաւիրած` յարգելու յիշատակը 1,5 միլիոն նահատակներուն, որոնք հաւաքական սպանութեան ենթարկուեցան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, հարիւր տարի առաջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.