2015-03-18 15:02:00

Մարդասիրական օգնութիւն Սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն


 

«ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ մարդասիրական օժանդակութիւն բաժնուած է Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Վաթսուն սուրիահայ ընտանիքներու բաժնուեցան ծածկոցներ, կօշիկներ, գրենական պիտոյքներ եւ մաքրութեան պարագաներ։
«ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութիւնը ի վիճակի եղաւ կեանքի կոչելու վերոյիշեալ մարդասիրական օգնութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Ընկերային ծառայութեան շնորհիւ՝ ի դէմս տնօրէն Իսահակ վարդապետ Պօղոսեանի:
Այս օգնութիւնը անգամ մը եւս ջերմութիւն հաղորդեց Մայր հայրենիքին մէջ ապաստանած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն:
«ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան գործադիր մարմինը շնորհակալութիւն յայտնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ընկերային ծառայութեան՝ կազմակերպութեան գործունէութեան ուշադրութիւն դարձնելուն եւ սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.